Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ հաւատքդ զօրացուր

Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ հաւատքդ զօրացուր

Աստուծոյ Խօսքը կրնայ մեր կեանքը փոխել (Եբ. 4։12)։ Բայց որպէսզի ատոր ուղղութիւններէն եւ խրատներէն օգտուինք, պէտք է համոզուած ըլլանք որ ատիկա իրապէս «Աստուծոյ խօսք»ն է (Ա. Թես. 2։13)։ Ինչպէ՞ս կրնանք մեր հաւատքը զօրացնել Սուրբ Գիրքին հանդէպ։

Ամէն օր Սուրբ Գիրքէն հատուած մը կարդա՛։ Մինչ կը կարդաս, տես թէ ի՛նչ փաստեր կան որ Եհովան է ատոր հեղինակը։ Օրինակ, Առակաց գիրքին իմաստուն խրատները նկատի առ եւ տես թէ ատոնք ինչպէ՛ս մինչեւ օրս գործնական են (Առ. 13։20. 14։30

Սերտելու ծրագիր մը դիր։ Սերտէ այն փաստերը, որոնք կը ցուցնեն թէ Սուրբ Գիրքը Աստուծո՛յ կողմէ է։ Փնտռտուքի ուղեցոյց Եհովայի վկաներուն համար հրատարակութեան մէջ, բաց «Սուրբ Գիրքը» նիւթը եւ ետքը՝ «Աստուծմէ ներշնչուած» մասը։ Ասկէ զատ, կրնաս հաւատքդ զօրացնել որ Սուրբ Գիրքին բովանդակութիւնը չէ փոխուած, նկատի առնելով՝ Դիտարան 2016–ի թիւ 4–ը։

ԴԻՏԷ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՆՔ. . . ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԻՆ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Քառնաքի մէջ գտնուած տաճարի պատ մը ինչպէ՛ս կը փաստէ, որ Սուրբ Գիրքին ըսածները ճիշդ են։

  • Ինչպէ՞ս գիտենք որ Սուրբ Գիրքին բովանդակութիւնը չէ փոխուած։

  • Սուրբ Գիրքին մինչեւ օրս գոյութիւն ունենալը ինչպէ՞ս քեզի կը փաստէ, որ ատիկա Աստուծո՛յ Խօսքն է (կարդա՛ Եսայի 40։8