ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Հիմակուընէ պատրաստուէ բժշկական անակնկալ պարագայի
Ինչո՞ւ պատրաստուիլ։ Բժշկական անակնկալ պարագաները եւ հիւանդանոց մտնելը կրնան յանկարծ պատահիլ։ Անոր համար, հիմակուընէ պատրաստուէ, որ եթէ ասանկ պարագայ մը ըլլայ, լաւագոյն բժշկական խնամքը ստանաս։ Ասանկով, յարգանք ցոյց տուած կ’ըլլաս կեանքի հանդէպ եւ արիւնի նկատմամբ Եհովայի օրէնքին հանդէպ (Գործք 15։28, 29)։
Ինչպէ՞ս կրնաս պատրաստուիլ
-
Աղօթէ եւ ուշադրութեամբ լեցուր Մնայուն փոխանորդագիր քարտը (DPA) a։ Մկրտուած հրատարակիչները կրնան հրատարակութիւններու ծառայէն խնդրել արիւնի այդ քարտը, իսկ իրենց անչափահաս զաւակներուն համար խնդրել Անձնագիր պատճէնը (ic)
-
Եթէ յղի ես, երէցներէն խնդրէ Յղի մայրերու համար տեղեկութիւններ պատճէնէն օրինակ մը (S-401)։ Այս պատճէնը քեզի պիտի օգնէ, որ լաւ որոշումներ առնես այն բժշկական հարցերուն նկատմամբ, որոնք կրնան ծագիլ յղութեան եւ ծննդաբերութեան ժամանակ
-
Եթէ բժշկական պարագայ մը ունիս եւ քեզմէ կը պահանջուի արիւն առնել կամ հիւանդանոց մնալ, կանխաւ երէցներուն տեղեակ պահէ եւ հիւանդանոցին տեղեկացուր որ կ’ուզե՛ս Եհովայի վկաներու ներկայացուցիչ մը քեզի այցելէ
Երէցները ինչպէ՞ս կրնան օգտակար դառնալ։ Անոնք կրնան քեզի օգնել, որ Մնայուն փոխանորդագիր քարտը լեցնես։ Բայց, երէցները քու տեղդ բժշկական որոշումներ պիտի չ’առնեն, ոչ ալ իրենց կարծիքը պիտի տան՝ քեզի ձգուած որոշումներու վերաբերեալ (Հռով. 14։12. Գաղ. 6։5)։ Երբ որ երէցներուն տեղեակ պահես որ բժշկական պարագայ մը ունիս եւ թէ ատոր դարմանումին ժամանակ արիւնի հարց կրնայ ելլել, անոնք շատ արագ կապ պիտի պահեն Հիւանդանոցներու հետ հաղորդակցող յանձնախումբին հետ (HLC)։
Հիւանդանոցներու հետ հաղորդակցող յանձնախումբը ինչպէ՞ս կրնայ օգտակար դառնալ։ Այս յանձնախումբին մէջ ծառայող եղբայրները մարզուած են օգնելու բժշկական եւ օրինական մարզին մէջ աշխատող անհատներու, որ արիւնի նկատմամբ մեր կեցուածքը հասկնան։ Անոնք կրնան բժիշկիդ հետ նկատի առնել դարմանումի մեթոտներ, որոնց ընթացքին արիւն առնելու պէտք պիտի չըլլայ։ Եթէ պէտք ըլլայ, անոնք կրնան գտնել բժիշկ մը, որ արիւնի նկատմամբ քու որոշումդ կը յարգէ։
ԴԻՏԷ ԻՆՉՊ՞ԷՍ ԿՐՆԱՍ ԱՐԻՒՆԻ ՀԵՏ ԿԱՊ ՈՒՆԵՑՈՂ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ ԱՌՆԵԼ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄԻՆ.
-
Ի՞նչ սորվեցար այս վիտէոյէն. ինչպէ՞ս կրնաս պատրաստուիլ բժշկական անակնկալ պարագայի մը, որ արիւն առնել կը պահանջէ։
a Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին 39–րդ դասը կրնայ քեզի օգնել, որ արիւնի նկատմամբ որոշումներ առնես։