Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Յիշատակատօնի ժամանակ նպատակակէտեր դիր

Յիշատակատօնի ժամանակ նպատակակէտեր դիր

Ամէն տարի, Եհովային ժողովուրդը անհամբեր կը սպասէ, որ քով–քովի հաւաքուի եւ Յիշատակատօնը տօնակատարէ։ Յիշատակատօնէն շաբաթներ առաջ եւ վերջ, մենք առիթը կ’օգտագործենք որ Եհովան փառաբանենք եւ իրեն շնորհակալութիւն յայտնենք իր նուէրին՝ փրկանքին՝ համար (Եփ. 1։3, 7)։ Օրինակ, մենք ամէն ջանք կ’ընենք որ մարդիկը Յիշատակատօնի հրաւիրենք։ Ոմանք իրենց յայտագիրները կը ճշդեն, որ կարենան մարտ կամ ապրիլ ամիսներուն օժանդակ ռահվիրայութիւն ընել՝ նպատակակէտ դնելով որ ծառայեն 30 կամ 50 ժամ։ Դուն ալ կ’ուզե՞ս ծառայութեան աւելի՛ ժամանակ տրամադրել Յիշատակատօնին ժամանակ։ Եւ ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել։

Շատ անգամ, շատ բան կ’իրագործենք երբ կանխաւ ծրագրենք (Առ. 21։5)։ Քանի՛ որ Յիշատակատօնը շատ արագ կը մօտենայ, հիմա՛ է ծրագրելու ժամանակը։ Մտածէ թէ ինչպէս կրնաս աւելի՛ ծառայել Յիշատակատօնի ժամանակ եւ տես թէ ի՛նչ կրնաս ընել որ նպատակակէտերուդ հասնիս։ Յետոյ Եհովայէն խնդրէ որ ջանքերդ օրհնէ (Ա. Յովհ. 5։14, 15

Ինչպէ՞ս կրնաս աւելի՛ ծառայել Յիշատակատօնի ժամանակ։