Յունուար 15-21
ՅՈԲ 36-37
Երգ 12 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)
1. Ինչո՞ւ կրնաս հաւատալ յաւիտենական կեանքի խոստումին
(10 վրկ.)
Եհովան ի՛նքը յաւիտեան կ’ապրի (Յոբ 36։26. դ15 10/1 13 ¶1-2)
Եհովան իմաստութիւն եւ ոյժ ունի որ ձգէ որ կեանքը շարունակուի երկրի վրայ (Յոբ 36։27, 28. դ20.05 22 ¶6)
Եհովան մեզի կը սորվեցնէ, որ ինչպէ՛ս կրնանք յաւիտենական կեանք ունենալ (Յոբ 36։4, 22. Յովհ. 17։3)
Երբ յաւիտենական կեանքի խոստումին նկատմամբ զօրաւոր հաւատք ունենանք, կեանքի դժուարութիւններուն հետ շատ լաւ կերպով գլուխ կ’ելլենք (Եբ. 6։19. դ22.10 28 ¶16)։
2. Հոգեւոր գոհարներ
(10 վրկ.)
-
Յոբ 37։20. Անցեալին, լուրերը եւ տեղեկութիւնները ինչպէ՞ս կը փոխանցուէին (խա-1-ԱՐ «Լուր»)։
-
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։
3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն
(4 վրկ.) Յոբ 36։1-21 (կս դաս 2)
4. Խօսակցութիւն սկսիլ
(3 վրկ.) ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ (մսա դաս 3 կէտ 3)։
5. Վերայցելել
(4 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ (մսա դաս 2 կէտ 5)։
6. Հաւատալիքներդ բացատրել
(5 վրկ.) Դասախօսութիւն։ կյհ 57 ¶5-15։ Նիւթ՝ Եհովայի վկաները ինչո՞ւ հալածուեցան հրէական ողջակիզումի ժամանակ (կս դաս 18)։
Երգ 11
7. Պատրաստ եղիր բժշկական հոգատարութիւն կամ գործողութիւն պահանջող պարագաներու
(15 վրկ.) Քննարկութիւն երէցի մը կողմէ։
Եհովային կազմակերպութիւնը կարգադրութիւններ ըրած է, որ մեզի օգնէ արիւնի նկատմամբ Աստուծոյ օրէնքին հնազանդելու (Գործք 15։28, 29)։ Արդեօք այդ կարգադրութիւններէն կ’օգտուի՞ս։
Մնայուն փոխանորդագիր քարտը (DPA) եւ Անձնագիր քարտը (ic)։ Ասոնք կը բացատրեն հիւանդին փափաքները արիւնի գործածութեան նկատմամբ։ Մկրտուած հրատարակիչները կրնան հրատարակութիւններու ծառայէն խնդրել արիւնի քարտը, իսկ իրենց անչափահաս զաւակներուն համար խնդրել Անձնագիր քարտը։ Ատոնք պէտք է միշտ մեր հետը ըլլան։ Ատոնք լեցնելը կամ նորոգելը մի՛ ուշացներ։
Յղի մայրերու համար տեղեկութիւններ փաստաթուղթը (S-401) եւ Գործողութեան կամ քիմիաբուժումի պէտք ունեցող հիւանդներու համար տեղեկութիւններ փաստաթուղթը (S-407)։ Ասոնք մեզի կ’օգնեն որ լաւ պատրաստուինք բժշկական հոգատարութեան, մէջը ըլլալով պարագաներու, որոնք արիւնի գործածութիւն կը պահանջեն։ Եթէ յղի ես կամ գործողութեան կամ քիմիաբուժումի պէտք ունիս, երէցներէն խնդրէ յարմար փաստաթուղթը։
Հիւանդանոցներու հետ հաղորդակցող յանձնախումբ (HLC)։ Այս յանձնախումբին անդամները մարզուած երէցներ են, որոնք պատրաստուած են արեան նիւթին շուրջ տեղեկութիւններ տալու բժիշկներու եւ հրատարակիչներու։ Անոնք կրնան բժիշկիդ բացատրել, թէ ինչպէ՛ս կրնայ առանց արիւնի բուժել։ Եթէ պէտքը կայ, անոնք կրնան քեզի օգնել որ որոշումդ յարգող բժիշկ մը գտնես։ Այս յանձնախումբին անդամներուն հետ կրնաս կապի մէջ մտնել օրուան կամ շաբթուան ընթացքին որեւէ ժամ որ կ’ուզես։ Եթէ պէտք է հիւանդանոց մտնես, գործողութիւն ընես կամ բուժում ստանաս,– օրինակ քիմիաբուժում,– շուտով կապ պահէ այս յանձնախումբին հետ, նոյնիսկ եթէ կը կարծես որ արիւն առնելու հարց պիտի չելլէ։ Նոյն քայլը առ եթէ յղի ես։ Եթէ օգնութեան պէտք ունիս, երէցէ մը խնդրէ այս յանձնախումբին անդամներէն մէկուն թիւը։
Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Հիւանդանոցներու հետ հաղորդակցող յանձնախումբերը ինչպէ՞ս կ’օգնեն մեզի։ Ետքը ներկաներուն հարցուր.
Հիւանդանոցներու հետ հաղորդակցող յանձնախումբը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել, երբ բժշկական հոգատարութեան կամ գործողութեան պէտք ունենաս։
8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
(30 վրկ.) եպվ-ԱՐ դաս 4 ¶10-17։