Փետրուար 19-25
ՍԱՂՄՈՍ 8-10
Երգ 138 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)
1. «Գոհութիւն պիտի մատուցանեմ Տէրոջը»
(10 վրկ.)
Եհովան շատ լաւ հոգ կը տանի մեզի (Սաղ. 8։3-6. դ21.08 3 ¶6)
Մենք շատ կ’ուրախանանք երբ Եհովային հիանալի գործերուն մասին խօսելով զինք կը փառաբանենք (Սաղ. 9։1. դ20.05 23 ¶10)
Սրտանց Եհովային երգելով ալ զինք կը փառաբանենք (Սաղ. 9։2. դ22.04 7 ¶13)
ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑՈՒՐ. ‘Ուրիշ ի՞նչ կերպերով կրնամ Եհովան փառաբանել’։
2. Հոգեւոր գոհարներ
(10 վրկ.)
-
Սաղ. 8։3. Գրողը ի՞նչ ըսել ուզեց երբ խօսեցաւ Աստուծոյ մատներուն մասին (խա-1-ԱՐ «Մատ»)։
-
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։
3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն
(4 վրկ.) Սաղ. 10։1-18 (կս դաս 11)
4. Խօսակցութիւն սկսիլ
(3 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Տանտէրը կ’ըսէ որ Աստուծոյ չի հաւատար (մսա դաս 5 կէտ 4)։
5. Վերայցելել
(4 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Անցեալ անգամ, անձը ըսաւ որ Աստուծոյ չի հաւատար, բայց պատրաստ է տեսնելու որ ի՛նչը կը փաստէ որ Ստեղծիչ մը կայ (կս դաս 7)։
6. Դասախօսութիւն
(5 վրկ.) դ21.06 6-7 ¶15-18. Նիւթ՝ Աշակերտներուդ օգնէ որ Եհովան փառաբանեն (կս դաս 10)։
Երգ 9
7. Ինչպէ՞ս կրնաս անպաշտօն վկայութիւն տալ բնական կերպով
(10 վրկ.) Քննարկութիւն։
Եհովան փառաբանելու կերպ մըն է՝ վկայել մարդոց, որոնց կը հանդիպինք օրուան ընթացքին (Սաղ. 35։28)։ Թերեւս սկիզբը մեր ջիղերուն վրայ ըլլանք, բայց երբ սորվինք բնական կերպով նիւթ բանալ եւ խօսակցութիւնը շարունակել, ժամանակի ընթացքին ատոր կը վարժուինք եւ նոյնիսկ ատիկա հաճոյքով կ’ընենք։
Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Պատրաստ եղիր խաղաղութեան բարի լուրին մասին խօսելու. Առաջին քայլը առ։ Ետքը, ներկաներուն հարցուր.
Այս վիտէոն քեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ աւելի լաւ կերպով անպաշտօն վկայութիւն տաս։
Ասոնք կարգ մը գաղափարներ են, թէ ինչպէ՛ս կրնաս մէկու մը հետ նիւթ բանալ.
-
Ամէն անգամ որ տեղ մը երթաս, նայէ թէ մէկու մը հետ խօսակցութիւն սկսելու ի՛նչ առիթներ ունիս։ Աղօթքով Եհովայէն խնդրէ որ առջեւդ հանէ մէկը, որ պատրաստ է մտիկ ընելու
-
Ընկերային եղիր եւ դիմացինով հետաքրքրուէ։ Փորձէ իր մասին գիտնալ բան մը, որ քեզի կ’օգնէ խօսելու Սուրբ Գիրքի ճշմարտութեան մը մասին, որ կրնայ իր ուշադրութիւնը գրաւել
-
Եթէ յարմար է, փորձէ անձին հեռաձայնին թիւը առնել կամ քուկինդ տալ
-
Յուսախաբ մի ըլլար, եթէ խօսակցութիւնը վերջանայ առաջ որ իրեն վկայութիւն տաս
-
Խօսակցութենէն վերջ անձին մասին մտածէ։ Շարունակէ իրմով հետաքրքրուիլ՝ իրեն ղրկելով համարի մը կամ յօդուածի մը կապը (link)
Փորձէ. Եթէ մէկը քեզի հարցնէ. ‘Շաբաթավերջդ ինչպէ՞ս էր’, իրեն ըսէ թէ ժողովին ի՛նչ սորվեցար կամ ինչպէ՛ս Սուրբ Գիրքին մասին կը սորվեցնես ուրիշներուն։
8. Տեղական կարիքներ
(5 վրկ.)
9. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
(30 վրկ.) եպվ-ԱՐ դաս 6 ¶7-13 եւ 6Ա շրջանակը։