Յունուար 20-26
ՍԱՂՄՈՍ 138-139
Երգ 20 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)
1. Մի՛ ձգեր որ վախը քեզ արգիլէ ժողովներուն մասնակցելէ
(10 վրկ.)
Կ’ուզենք Եհովան փառաբանել մեր ամբողջ սրտով (Սաղ. 138։1)
Երբ քաշուիս ժողովներուն պատասխանելէ, Եհովային վստահէ՝ օգնութեան համար (Սաղ. 138։3)
Ջղագրգիռ ըլլալը կրնայ լաւ նշան ըլլալ (Սաղ. 138։6. դ19.01 10 ¶10)
ԱՌԱՋԱՐԿ։ Երբ մեր պատասխանները կարճ պահենք, մեր ջղագրգռութիւնը կը թեթեւնայ (դ23.04 21 ¶7)։
2. Հոգեւոր գոհարներ
(10 վրկ.)
-
Սաղ. 139։21, 22. Քրիստոնեաներէն պահանջուա՞ծ է բոլորին ներել (խա-1-ԱՐ «Ներել»)։
-
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։
3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն
(4 վրկ.) Սաղ. 139։1-18 (կս դաս 2)
4. Խօսակցութիւն սկսիլ
(3 վրկ.) ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ (մսա դաս 2 կէտ 3)։
5. Աշակերտել
(4 վրկ.) ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն առաջարկէ եւ ցուցադրէ (մսա դաս 10 կէտ 3)։
6. Դասախօսութիւն
(5 վրկ.) կպհ 105–ԱՐ։ Նիւթ՝ Ինչպէ՞ս կրնամ ամչկոտութիւնս յաղթահարել (կս դաս 16)։
Երգ 104
7. Կրնա՛ս ծառայութենէն հաճոյք առնել, հակառակ՝ ամչկոտութեանդ
(15 վրկ.)։ Քննարկութիւն։
Արդեօք ամչկո՞տ ես։ Ընդհանրապէս կը նախընտրե՞ս որ մէ՛կը քեզ չնկատէ։ Ուրիշներու հետ խօսելու ժամանակ ջղագրգիռ կը զգա՞ս։ Ատեններ, մեր ամչկոտութիւնը կրնայ արգելք ըլլալ որ մեր սիրած բաները ընենք։ Բայց շատեր որոնք ամչկոտ էին, կրցած են ծառայութեան մէջ ուրիշներուն խօսիլ Սուրբ Գիրքին մասին եւ կրցած են նոյնիսկ ծառայութենէն հաճոյք առնել։ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ իրենց օրինակէն։
Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Եհովային լաւագոյնս կու տամ, հակառակ՝ ամչկոտութեանս։ Ետքը, հարցուր.
-
Քոյր Լին ինչպէ՞ս օգտուած է, գործադրելով իր մեծ մօր խրատը, որ ‘ամէն բան Եհովային ծառայութեան համար տայ’։
Սուրբ Գիրքը ցոյց կու տայ որ Մովսէսը, Երեմիան եւ Տիմոթէոսն ալ ամչկոտ ըլլալու էին (Ել. 3։11. 4։10. Եր. 1։6-8. Ա. Տիմ. 4։12)։ Հակառակ ատոր, անոնք կրցան Եհովայի ծառայութեան մէջ հիանալի բաներ ընել, քանի որ ան իրենց հետ էր (Ել. 4։12. Եր. 20։11. Բ. Տիմ. 1։6-8)։
Կարդա՛ Եսայի 43։1, 2։ Ետքը հարցուր.
-
Եհովան իր ծառաներուն ի՞նչ կը խոստանայ։
Ներկայիս, Եհովան ինչպէ՞ս կրնայ ամչկոտ անձերուն օգնել, որ իրենց ծառայութենէն հաճոյք առնեն։
Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Ձեր մկրտութիւնը ինչպէ՛ս ձեզ աւելի ուրախ անհատներ կը դարձնէ. հատուած։ Ետքը, հարցուր.
-
Քոյր Ճէքսընը ինչպէ՞ս Եհովային զօրութիւնն ու օգնութիւնը զգացած է ծառայութեան մէջ։
-
Ծառայութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել ամչկոտ անձի մը։
8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
(30 վրկ.) եպվ-ԱՐ դաս 20 ¶9-17 եւ 20Ա տուփը։