Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Փետրուար 24–⁠Մարտ 2

ԱՌԱԿԱՑ 2

Փետրուար 24–⁠Մարտ 2

Երգ 70 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ

1. Ինչո՞ւ անձնական ուսումնասիրութիւն նախանձախնդրաբար ընել

(10 վրկ.)

Ճշմարտութեան հանդէպ գնահատութիւն ցոյց տալու համար (Առ. 2։3, 4. դ22.08 19 ¶16)

Լաւ որոշումներ առնելու համար (Առ. 2։5-7. դ22.10 19 ¶3-4)

Հաւատքդ զօրացնելու համար (Առ. 2։11, 12. դ16.09 23 ¶2-3)

ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑՈՒՐ. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ անձնական ուսումնասիրութեան ռութինս բարելաւել’։

2. Հոգեւոր գոհարներ

(10 վրկ.)

  • Առ. 2։7. Եհովան ի՞նչ կերպով «ուղղութեամբ քալողներուն վահանն է» (խա-1-ԱՐ «Ուղղամտութիւն»

  • Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։

3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն

(4 վրկ.) Առ. 2։1-22 (կս դաս 12)

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

4. Խօսակցութիւն սկսիլ

(4 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Մէկու մը ցոյց տուր, թէ ինչպէ՛ս կրնայ օգտակար տեղեկութիւն գտնել jw.org կայքին վրայ՝ ամուսնացած զոյգերուն համար (մսա դաս 1 կէտ 3

5. Վերայցելել

(3 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Մէկու մը առաջարկէ պարբերաթերթ մը, որուն նիւթով ան անցեալ անգամ հետաքրքրուած էր (մսա դաս 9 կէտ 3

6. Դասախօսութիւն

(5 վրկ.) մսա յաւելեալ մաս 1 կէտ 8. Նիւթ՝ Ամուսին մը եւ կին մը պէտք է իրարու հաւատարիմ ըլլան (կս դաս 13

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Երգ 114

7. Կ’ուզե՞ս պահուած գանձեր փնտռել

(15 վրկ.)։ Քննարկութիւն։

Պզտիկնե՛ր, կը սիրէ՞ք պահուած գանձեր փնտռելու գաղափարը։ Եթէ այո՛, Աստուածաշունչը ձեզ կը քաջալերէ որ փնտռէք տիեզերքի ամէնէն արժէքաւոր գանձը՝ Աստուծոյ գիտութիւնը (Առ. 2։4, 5)։ Այս գանձը կրնաք գտնել, երբ ժամանակ տաք Սուրբ Գիրքը կանոնաւորաբար կարդալու եւ ձեր կարդացած պատմութիւններուն մասին պրպտում ընելու։ Ասիկա ձեզ պիտի ուրախացնէ եւ շատ պիտի օգնէ։

  • Ի՞նչ հարցումներ կրնաք դուք ձեզի հարցնել, մինչ Աստուածաշունչը կը կարդաք (դ24.02 32 ¶2-3

  • Պատասխանները գտնելու համար, ի՞նչ գործիքներ կրնաք գործածել։

Եհովային ընկերներէն սորվէ վիտէօներու շարքը կրնայ ձեզի օգնել որ սորվիք ինչպէ՛ս Սուրբ Գիրքէն ձեր կարդացածին վրայ խոկալ։

Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Եհովային ընկերներէն սորվէ. Աբէլ։

Կարդա՛ Ծննդոց 4։2-4 եւ Եբրայեցիս 11։4։ Ետքը, հարցուր.

  • Աբէլ ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ Եհովային ընկերն էր։

  • Աբէլ ինչպէ՞ս Եհովային հանդէպ իր հաւատքը զօրացուց։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս հաւատքդ զօրացնել։

8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

Փակման խօսքեր (3 վրկ.) | Երգ 5 եւ աղօթք