Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ներկայացումի նմոյշներ

Ներկայացումի նմոյշներ

ԴԻՏԱՐԱՆ

Հարցում։ Կը կարծէ՞ք աշխարհը աւելի լաւ վայր պիտի ըլլար եթէ ամէն մարդ այս սկզբունքին համաձայն ապրէր։

Համար։ Եբ. 13։18

Ներկայացում։ Աստուածաշունչը կը քաջալերէ որ ամէն բանի մէջ պարկեշտ ըլլանք, քանի որ այս մէկը մեր ամբողջ կեանքին կ’ազդէ։ Այս է Դիտարան–ի այս թիւին նիւթը։

ԴԻՏԱՐԱՆ (վերջին էջ)

Հարցում։ Կ’ուզեմ ձեր կարծիքը առնել այս հարցումին շուրջ։ [Կարդա՛ առաջին հարցումը։] Ոմանք կ’ըսեն թէ հոգին մարմինէն դուրս կ’ելլէ եւ կը շարունակէ ապրիլ, մինչ ուրիշներ կը կարծեն որ մահը ամէն բանի վերջ կը դնէ։ Դուք ի՞նչ բանի կը հաւատաք։

Համար։ Ժող. 9։5

Ներկայացում։ Հոս կը բացատրուի թէ Աստուածաշունչը ուրիշ ի՛նչ կ’ըսէ այս նիւթին մասին։ Ինչ կ’ըսէք եթէ այս յօդուածը կարդաք եւ գալ անգամ այս նիւթը նկատի կ’առնենք։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿՈՂՄԷ ՈՒՐԱԽ ԼՈՒՐԵՐ

Ներկայացում։ Ձեզի կ’այցելեմ որ Աստուածաշունչը սերտելու ձրի կարգադրութեան մը մասին խօսիմ։ Այս գրքոյկը ցոյց կու տայ թէ ձեր Աստուածաշունչին մէջ ո՛ւր կրնաք կարեւոր հարցումներու պատասխանները գտնել։

Հարցում։ Աստուածաշունչը կարդացա՞ծ էք։ Ձեզի ցոյց տամ թէ այս գրքոյկին դասերը որքա՛ն դիւրին են։ [Նկատի առ երկրորդ դասին առաջին հարցումը։]

Համար։ Յայտ. 4։10բ

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԴ ՊԱՏՐԱՍՏԷ

Վերոնշեալ օրինակներուն ձեւը գործածէ, անձնական ներկայացումդ պատրաստելու համար։