Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ծառայութեանդ մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Վերայցելութեան ճամբայ հարթել

Ծառայութեանդ մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Վերայցելութեան ճամբայ հարթել

ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է։

Կ’ուզենք մեր ցանած ճշմարտութեան սերմերը ջրել (Ա. Կոր. 3։6)։ Երբ հետաքրքրուած անհատ մը գտնենք, լաւ կ’ըլլայ որ ուղղենք հարցում մը, որ պիտի քննարկենք երբ վերադառնանք։ Այսպէս տանտէրը մեր այցելութեան ակնկառոյց պիտի սպասէ եւ վերայցելութեան մեր նախապատրաստութիւնը պիտի դիւրանայ։ Երբ վերադառնանք կրնանք իրեն ըսել թէ եկած ենք պատասխանելու այն հարցումին որ առաջին հանդիպումին իրեն հարցուցինք։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՎԵՐԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՅ ՀԱՐԹԵԼ։

  • Երբ ներկայացումդ կը պատրաստես, պարփակէ հարցում մը, որուն պիտի պատասխանես վերայցելութեան ատեն։ Թերեւս հարցումը ըլլայ նիւթի մը մասին, որ կը պատասխանուի առաջարկած հրատարակութեանդ մէջ կամ մեր ուսումնասիրութեան հրատարակութիւններէն մէկուն մէջ, որ կրնաս անհատին ներկայացնել երբ իրեն վերայցելես։

  • Երբ հետաքրքրուած անհատի մը հետ խօսակցութիւնդ կ’եզրափակես, իրեն գիտցուր թէ կը փափաքիս դարձեալ իրեն հետ խօսիլ եւ ապա ուղղէ այն հարցումը որ պիտի պատասխանես վերայցելութեան ատեն։ Եթէ կարելի է, ձեռք ձգէ իր հեռաձայնի թիւը, ե–նամակը եւ այլն։

  • Եթէ տանտիրոջ ըսես թէ որոշ ժամու մը պիտի վերայցելես, ժամադրութիւնդ յարգէ (Մատ. 5։37