Յունուար 4-10
Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 29-32
Երգ 114 եւ աղօթք
Բացման խօսքեր (3 վրկ. կամ նուազ)
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ
«Եհովան պաշտելը շատ ջանք կը պահանջէ» (10 վրկ.)
Բ. Մն. 29։10-17։ Եզեկիան վճռականօրէն ճշմարիտ պաշտամունքը կը վերահաստատէ
Բ. Մն. 30։5, 6, 10-12։ Եզեկիան բոլոր պարկեշտամիտ անհատները կը հրաւիրէ պաշտամունքի համար հաւաքուելու
Բ. Մն. 32։25, 26։ Եզեկիան իր ամբարտաւանութիւնը խոնարհութեամբ կը սրբագրէ (դ05 11/1 էջ 12 պարբ. 20)
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել (8 վրկ.)
Բ. Մն. 29։11։ Եզեկիան առաջնահերթութիւններու նկատմամբ ինչպէ՞ս լաւ օրինակ հանդիսացաւ (դ13 11/15 էջ 17 պարբ. 6-7)։
Բ. Մն. 32։7, 8։ Գալիք դժուարութիւններուն նախապատրաստուելու ամենագործնական քայլը ի՞նչ է (դ13 11/15 էջ 20 պարբ. 17)։
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը ինծի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային մասին։
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութեան ո՞ր կէտերը կրնամ գործածել դաշտի ծառայութեան մէջ։
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն։ Բ. Մն. 31։1-10 (4 վրկ. կամ նուազ)
ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ
Այս ամսուան ներկայացումները պատրաստէ (15 վրկ.)։ Քննարկութիւն։ Դիտել տուր «Դիտարան»ի ներկայացումի առաջին նմոյշ տեսաերիզը, ապա ուշագրաւ մասերը քննարկէ։ Շեշտէ թէ հրատարակիչը ինչպէ՛ս վերայցելութեան ճամբայ հարթեց։ Նոյնը ըրէ «Դիտարան»ի ներկայացումի երկրորդ նմոյշ–ին եւ Ուրախ լուրեր գրքոյկին ներկայացումի նմոյշին համար։ Ակնարկէ եւ ժամանակին ներած չափով քննարկէ «Ինչպէ՛ս ուսումնասիրութիւն մը վարել՝ գործածելով Ուրախ լուրեր գրքոյկը» նիւթը։ Հրատարակիչները քաջալերէ որ անձնական ներկայացում մը պատրաստեն։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
«Ճշմարիտ պաշտամունքին համար վայրեր շինելու եւ նորոգելու մեր առանձնաշնորհումը» (15 վրկ.)։ Քննարկութիւն։ Սրահներու շինարարութեան մասնակցողները քաջալերէ որ խօսին իրենց վայելած ուրախութեան մասին։ Հակիրճ հարցազրոյց մը ունեցիր սրահին մաքրութիւնն ու նորոգութիւնը համակարգող եղբօր հետ։
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն (30 վրկ.)։ Ընդօրինակենք գլ. 6 պարբ. 1-14։
Վերաքաղ եւ յաջորդ շաբթուան յայտագրին վրայ ակնարկ (3 վրկ.)
Երգ 142 եւ աղօթք
Յիշեցում. Հաճեցէք նախ երաժշտութիւնը մտիկ ընել, ապա ժողովքը թող երգէ նոր երգը։