Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵՍԱՅԻ 34-37

Եզեկիան վարձատրուեցաւ իր հաւատքին համար

Եզեկիան վարձատրուեցաւ իր հաւատքին համար

Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը Ռափսակը Երուսաղէմ ղրկեց, ժողովուրդին ըսելու որ յանձնուին։ Ասորեստանցիները զանազան բաներ ըսին, որ փորձեն հրեաները մղել որ առանց կռուելու յանձնուին։

  • Հասկցնել տուին որ առանձին են։ Եգիպտոսը ձեզի պիտի չօգնէ (Եսա. 36։6

  • Կասկածներ արթնցուցին։ Եհովան ձեզի համար պիտի չպատերազմի, քանի որ ձեզի չի հաճիր (Եսա. 36։7, 10

  • Վախցուցին։ Չէք կրնար ասուրական հզօր բանակին դէմ դնել (Եսա. 36։8, 9

  • Հրապուրեցին։ Եթէ յանձնուիք, ձեր կեանքին որակը պիտի բարելաւուի (Եսա. 36։16, 17

Եզեկիան անխախտ հաւատք ցոյց տուաւ Եհովային հանդէպ

37։1, 2, 14-20, 36

  • Ան իր կարելին ըրաւ որ քաղաքը պատրաստէ պաշարումի համար

  • Ան Եհովային աղօթեց որ զիրենք փրկէ եւ ժողովուրդը քաջալերեց որ նոյնը ընէ

  • Ան վարձատրուեցաւ երբ Եհովան հրեշտակ մը ղրկեց, որ 185,000 ասորեստանցի զինուոր սպաննէ մէկ գիշերուան մէջ