ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
«Ո՛վ Եհովա. . . քեզի ապաւինեցայ»
Կարեւո՛ր է որ Եհովային ապաւինինք թէ՛ լաւ եւ թէ գէշ օրերուն (Սաղ. 25։1, 2, ՆԱ)։ Ք.Ա. 8–րդ դարուն, Յուդայի հրեաները դժուար պարագայի մը առջեւ գտնուեցան, որ Եհովայի հանդէպ իրենց վստահութիւնը փորձի տակ դրաւ։ Այդ դէպքերէն շատ մը դասեր կրնանք սորվիլ (Հռով. 15։4)։ «Ո՛վ Եհովա. . . քեզի ապաւինեցայ» վիտէոն դիտելէ ետք, այս հարցումներուն պատասխանէ։
-
Եզեկիան ի՞նչ խնդրի առջեւ գտնուեցաւ։
-
Եզեկիան ինչպէ՞ս կիրարկեց Առակաց 22։3–ի սկզբունքը, երբ հաւանական պաշարում կ’ակնկալէր։
-
Ինչո՞ւ Եզեկիան մտքէն իսկ չանցուց Ասորեստանի յանձնուիլ կամ Եգիպտոսի հետ դաշնակցիլ։
-
Եզեկիան ինչպէ՞ս լաւ օրինակ է քրիստոնեաներուն համար։
-
Այսօր ո՞ր պարագաները Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը փորձի տակ կը դնեն։