ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Մի՛ մոռնար աղօթելու հալածուողներուն համար
Աստուածաշունչը մարգարէացաւ որ Սատանան մեզ պիտի հալածէ, որ մեր ծառայութիւնը խանգարէ (Յովհ. 15։20. Յայտ. 12։17)։ Ինչպէ՞ս կրնանք օգնել մեր հաւատակիցներուն, որոնք կ’ապրին ուրիշ երկիրներու մէջ եւ կը հալածուին։ Կրնանք աղօթել իրենց համար։ «Արդարին ջերմեռանդ աղօթքը շատ ազդեցութիւն ունի» (Յակ. 5։16)։
Ինչի՞ մասին կրնանք աղօթել։ Կրնանք Եհովայէն խնդրել որ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն քաջութիւն տայ եւ օգնէ որ չվախնան (Եսա. 41։10-13)։ Կրնանք նաեւ աղօթել որ կառավարութիւնները քարոզչութեան հակառակ չկենան «որպէս զի խաղաղ ու հանդարտ կեանք վարենք» (Ա. Տիմ. 2։1, 2)։
Երբ Պօղոսն ու Պետրոսը կը հալածուէին, առաջին դարու քրիստոնեաները զանոնք անուններո՛վ յիշեցին իրենց աղօթքներուն մէջ (Գործք 12։5. Հռով. 15։30, 31)։ Նոյնիսկ եթէ չենք գիտեր այժմ հալածուողներուն անունները, կրնա՞նք նշել անոնց ժողովքը, երկիրը կամ շրջանը։