Եհովան յոգնածին ոյժ կու տայ
-
Արծիւը կրնայ ժամերով բարձրութեան մէջ մնալ, գործածելով բարձրացող տաք օդի հոսանքները։ Մէյ մը որ անիկա այդ հոսանքը գտնէ, անոր շուրջը կլոր–կլոր կը դառնայ, մինչեւ որ օդը զինք երթալով վեր բարձրացնէ։ Որոշ բարձրութեան հասնելէ ետք, արծիւը կ’անցնի յաջորդ տաք հոսանքին եւ նոյն գործողութիւնը կը կրկնուի։
-
Արծիւին երեւութապէս դիւրին թռիչքը գեղեցիկ կերպով կը բացատրէ թէ մենք ինչպէ՛ս կրնանք շարունակել Աստուած պաշտել իր տուած զօրութեան շնորհիւ։