Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Հոգ մի՛ ընէք

Հոգ մի՛ ընէք

Լերան քարոզին մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար» (Մատ. 6։25)։ Շատ բնական է, որ Սատանային աշխարհին մէջ ապրող անկատար մարդիկը ատեն–ատեն մտահոգ ըլլան. բայց հոս Յիսուս իր աշակերտներուն կը սորվեցնէր որ չափազա՛նց չմտահոգուին (Սաղ. 13։2)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ չափէ դուրս մտահոգուիլը, նոյնիսկ առօրեայ պէտքերու մասին, կրնայ մեր միտքը ցրուել եւ այսպէս, մեզի համար աւելի դժուար կ’ըլլայ առաջ Թագաւորութիւնը խնդրել (Մատ. 6։33)։ Յիսուս ուրիշ խօսքեր ալ ըսաւ, որոնք մեզի պիտի օգնեն որ անտեղիօրէն չմտահոգուինք։

Ինչի՞ մասին այլեւս չեմ ուզեր մտահոգուիլ