Յիսուս մարդիկը սիրեց
Մատթէոս 8–րդ եւ 9–րդ գլուխները Գալիլիոյ շրջանին մէջ Յիսուսի ծառայութեան մէկ մասը կը ծածկեն։ Երբ Յիսուս մարդիկը կը բժշկէր, իր ուժը ցոյց տուաւ. բայց աւելի կարեւորը ուրիշներու հանդէպ իր մեծ սէրը եւ կարեկցութիւնը ցոյց տուաւ։
-
Յիսուս բորոտ մը բժշկեց (Մատ. 8։1-3)։
-
Յիսուս հարիւրապետի մը ծառան բժշկեց (Մատ. 8։5-13)։
Ան Պետրոսի զոքանչը բժշկեց (Մատ. 8։14, 15)։
Ան դեւեր հանեց եւ բոլոր հիւանդները բժշկեց (Մատ. 8։16, 17)։
-
Յիսուս խիստ կատղած դեւեր հանեց եւ խոզերու երամակի մէջ նետեց (Մատ. 8։28-32)։
-
Յիսուս անդամալոյծ մը բժշկեց (Մատ. 9։1-8)։
Ան առողջացուց կին մը, որ իր հանդերձին դպած էր եւ Յայրոսին աղջկան յարութիւն տուաւ (Մատ. 9։18-26)։
Ան երկու կոյրեր եւ համր մը բժշկեց (Մատ. 9։27-34)։
-
Յիսուս քաղաքներն ու գիւղերը պտըտեցաւ, եւ ամէն տեսակ անկարող ու հիւանդ բժշկեց (Մատ. 9։35, 36)։
Ինչպէ՞ս կրնամ շուրջիններս աւելի սիրել եւ անոնց կարեկցիլ։