Յիսուս ըսաւ որ իր հետեւորդները պիտի թարմացնէ
«Իմ լուծս քաղցր է»
Որպէս ատաղձագործ, Յիսուս գիտէր լուծ մը ինչպէ՛ս կաղապարել, թերեւս զայն լաթով կամ կաշիով կը փաթթէր, որ անով աշխատիլը կարելի եղածին չափ հանգստաւէտ ըլլար։ Երբ Յիսուսին աշակերտը ըլլալու լուծը կ’ընդունինք մկրտութեան ընթացքին, մենք դժուար գործ եւ պատասխանատուութիւն կը ստանձնենք, բայց ասիկա մեզ կը թարմացնէ եւ օրհնութիւններու դուռ կը բանայ։
Յիսուսին լուծին տակը ըլլալէդ ի վեր ի՞նչ օրհնութիւններ վայելած ես։