ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Առաջ եղբօրդ հետ հաշտուէ. ինչպէ՞ս
Երեւակայէ որ Յիսուսի օրերուն կ’ապրիս՝ Գալիլիոյ մէջ։ Դուն Երուսաղէմ ճամբորդած ես Տաղաւարահարաց տօնը տօնելու համար։ Քաղաքը լեցուն է հաւատակիցներով, որոնք հեռաւոր վայրերէ եկած են։ Դուն կ’ուզես Եհովային ընծայ ներկայացնել։ Անոր համար հետդ այծ մը կ’առնես եւ քաղաքին խճողուած անցքերէն դէպի տաճար կ’ուղղուիս։ Երբ կը հասնիս, կը տեսնես որ տաճարը լեցուած է մարդոցմով, որոնք նոյնպէս կ’ուզեն ընծայ ներկայացնել։ Վերջապէս կարգդ կու գայ որ քահանաներուն տաս այծդ։ Այդ վայրկեանին կը յիշես որ եղբայրդ,– որ կրնայ որեւէ տեղ ըլլալ՝ կա՛մ բազմութեան մէջ եւ կամ քաղաքը,– քեզմէ նեղուած է։ Յիսուս կը բացատրէ որ ի՛նչ պէտք է ընես։ (Կարդա՛ Մատթէոս 5։24)։ Ինչպէ՞ս կրնաք դուն եւ քեզմէ վիրաւորուած եղբայրդ խաղաղութեան ետեւէ ըլլալ, ինչպէս որ Յիսուս կը խրատէ։ Այս երկու սիւնակներուն մէջ ընտրէ ճիշդ պատասխանը։
ԴՈՒՆ ՊԷՏՔ Է. . .
-
եղբօրդ հետ խօսիս միայն եթէ կը կարծես որ կարեւոր պատճառ ունի քեզմէ նեղուելու։
-
փորձես եղբօրդ մտածելակերպը փոխել, եթէ կը զգաս որ չափէ դուրս զգայուն է կամ ինքն ալ յանցանք ունի։
-
համբերութեամբ մտիկ ընես մինչ ինքզինք կ’արտայայտէ, եւ նոյնիսկ եթէ իր ամէն ըսածը չես հասկնար, պէտք է անկեղծօրէն ներողութիւն խնդրես որ վիրաւորուած կը զգայ կամ քանի որ վարքովդ անգիտակցաբար զինք վիրաւորած ես։
ԵՂԲԱՅՐԴ ՊԷՏՔ Է. . .
-
ժողովքին մէջ ուրիշներէն խնդրէ որ իրեն թիկունք կանգնին, մինչ կը պատմէ որ դուն իրեն հանդէպ ինչպէ՛ս սխալեցար։
-
քեզ յանդիմանէ, եղած սխալը մանրամասնօրէն յիշէ եւ քեզմէ պահանջէ որ սխալդ ընդունիս։
-
տեսնէ որ քեզմէ որքա՛ն խոնարհութիւն եւ քաջութիւն պահանջեց, որ իրեն մօտենաս եւ քեզի սրտանց ներէ։
Ճիշդ է որ այսօր մեր պաշտամունքը չի պարփակեր անասուններ զոհել, բայց Յիսուս ինչպէ՞ս կապեց մեր եղբօր հետ խաղաղութիւն ունենալը Աստուած ընդունելի կերպով պաշտելուն հետ։