Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Վստահ եղիր որ պիտի ազատինք՝ երբ այս չար աշխարհին վերջը գայ

Վստահ եղիր որ պիտի ազատինք՝ երբ այս չար աշխարհին վերջը գայ

Շա՛տ շուտով Եհովան այլեւս համբերատար պիտի չգտնուի այս չար աշխարհին հանդէպ։ Սուտ կրօնքը պիտի կործանի, աշխարհի կառավարութիւններու միութիւն մը պիտի յարձակի Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ եւ Եհովան չարերը պիտի կործանէ Արմագեդոնին։ Քրիստոնեաները անհամբեր կը սպասեն այս կարեւոր եւ հետաքրքրական դէպքերուն։

Անշուշտ, չենք գիտեր մեծ նեղութեան բոլոր մանրամասնութիւնները։ Օրինակ, չենք գիտեր որ ատիկա ճիշդ ե՛րբ պիտի սկսի։ Չենք գիտեր որ քաղաքական ուժերը ի՛նչ պատճառներ պիտի տան, որ կրօնքին վրայ իրենց յարձակումը արդարացնեն։ Չենք գիտեր որ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ յարձակումը որքա՛ն երկար պիտի տեւէ կամ յարձակումի ժամանակ անոնք ճիշդ ի՛նչ պիտի ընեն մեզի։ Ասկէ զատ, մենք նաեւ չենք գիտեր որ Եհովան ճիշդ ինչպէ՛ս չարերը պիտի բնաջնջէ Արմագեդոնին։

Բայց, Աստուածաշունչը մեզի բոլոր պէտք եղած տեղեկութիւնները կու տայ, որ քաջ ըլլանք եւ վստահ ըլլանք որ Եհովան պիտի ազատէ մեզ։ Օրինակ, մենք գիտենք որ կ’ապրինք «վերջին օրեր»ուն վերջին պահերուն մէջ (Բ. Տիմ. 3։1)։ Գիտենք որ կրօնքին վրայ յարձակումին ժամանակամիջոցը պիտի ‘քիչնայ’, որպէսզի ճշմարիտ պաշտամունքը չբնաջնջուի (Մատ. 24։22)։ Գիտենք որ Եհովան իր ժողովուրդը պիտի՛ ազատէ (Բ. Պետ. 2։9)։ Եւ գիտենք որ Եհովային ընտրած Անձը, որ չարերը պիտի կործանէ եւ մեծ բազմութիւնը Արմագեդոնէն ազատէ, արդար եւ զօրաւոր է (Յայտ. 19։11, 15, 16

Վստահաբար, «մարդոց սրտերը պիտի նուաղին իրենց վախէն»՝ ապագայ դէպքերուն պատճառով։ Բայց երբ կարդանք ու խոկանք, որ Եհովան անցեալին ինչպէ՛ս իր ժողովուրդը ազատած է եւ ապագային նկատմամբ ի՛նչ բաներ յայտնած է, կրնանք ‘մեր գլուխը բարձրացնել’՝ վստահ ըլլալով որ մեր փրկութիւնը մօտ է (Ղուկ. 21։26, 28