Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ի՞նչը կրնայ օգնել որ մեր ընելիքները չձգձգենք

Ի՞նչը կրնայ օգնել որ մեր ընելիքները չձգձգենք

Ձգձգող անձը կ’ուշացնէ ընել այն ինչ որ կրնայ կամ պէտք է որ շուտով ընէ։ Վստահաբար Յէուն ձգձգող անձ մը չէր։ Երբ Եհովան իրեն նշանակում տուաւ, որ Աքաաբ թագաւորին ընտանիքը բնաջինջ ընէ, Յէուն շատ արագ քայլեր առաւ (Դ. Թագ. 9։6, 7, 16)։ Կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն. «Թերեւս երկու տարիէն մկրտուիմ», «Յուսամ մօտ օրէն սկսիմ Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալ», «Մէյ մը որ աւելի լաւ գործ մը գտնեմ, ռահվիրայութեան կը դիմեմ»։ Աստուածաշունչը մեզի կ’օգնէ, որ մեր պաշտամունքին հետ կապ ունեցող կարեւոր քայլերը չձգձգենք։

Այս համարները մեզի ինչպէ՞ս կրնան օգնել, որ մեր ընելիքները չձգձգենք։