Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Մեր աղօթքները թանկարժէք են Եհովային համար

Մեր աղօթքները թանկարժէք են Եհովային համար

Ընդունելի աղօթքները այն անոյշ բոյր ունեցող խունկին նման են, որ կանոնաւորաբար Եհովային առջեւ կ’այրուէր տաճարին մէջ (Սաղ. 141։2)։ Երբ որ մեր երկնաւոր Հօր արտայայտենք մեր սէրն ու գնահատանքը, իրեն պատմենք մեր հոգերը եւ փափաքները եւ իրմէ ուղղութիւն խնդրենք, ցոյց կու տանք որ իր բարեկամութիւնը կ’արժեւորենք։ Անշուշտ, Եհովան մեր պաշտամունքին կարեւոր մէկ մասը կը սեպէ՝ ժողովներուն ժամանակ հակիրճ հանրային աղօթքները։ Բայց Եհովան շատ կ’ուրախանայ, երբ որ մեր անձնական աղօթքներուն մէջ երկար ժամանակ մեր սիրտը իրեն բանանք եւ հետը խօսինք (Առ. 15։8

ԴԻՏԷ՛ ԱՂՕԹՔԸ ԻՆԾԻ ՀԱՄԱՐ ՇԱՏ ԿԱՐԵՒՈՐ Է ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Եղբայր Ճոնսընը Եհովային ծառայութեան մէջ ի՞նչ յատուկ նշանակումներ վայելած է։

  • Եղբայր Ճոնսընը ինչպէ՞ս աղօթքով ցոյց տուաւ որ Եհովային կը վստահի։

  • Ի՞նչ դասեր սորվեցար եղբայր Ճոնսընին փորձառութիւններէն։