Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Մտածումներով հաւատարիմ ըլլալ

Մտածումներով հաւատարիմ ըլլալ

Մենք հաւատարիմ կ’ըլլանք ոչ միայն մեր ըսածներով կամ ըրածներով, հապա նաեւ՝ մեր մտածումներով (Սաղ. 19։14)։ Ասոր համար, Սուրբ Գիրքը մեզ կը քաջալերէ, որ մտածենք բաներու մասին, որոնք ճշմարտութիւնով, պարկեշտութիւնով, արդարութիւնով, մաքրութիւնով, սիրով, բարի համբաւով, առաքինութիւնով եւ գովութիւնով են (Փլպ. 4։8)։ Անշուշտ, միշտ չենք կրնար արգելք ըլլալ որ սխալ մտածում մը մեր մտքէն անցնի։ Բայց երբ ինքնազսպում կ’ունենանք, կրնանք գէշ մտածումը մեր մտքէն վռնտել եւ տեղը լաւ բանի մը մասին մտածել։ Մտածումներով հաւատարիմ ըլլալը կ’օգնէ, որ գործով ալ հաւատարիմ ըլլանք (Մար. 7։21-23

Ամէն մէկ համարին տակ գրէ թէ ո՛ր մտածելակերպէն պէտք է հեռու մնանք.

Հռով. 12։3

Ղուկ. 12։15

Մատ. 5։28

Փլպ. 3։13