ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Ո՛վ ծնողներ ձեր պզտիկներուն սորվեցուցէք Եհովային սիրտը ուրախացնել
Պզտիկները Եհովային աչքին շատ արժէքաւոր են։ Ան կը տեսնէ անոնց հոգեւոր յառաջդիմութիւնը եւ հաւատարմութիւնը (Ա. Թագ. 2։26. Ղուկ. 2։52)։ Նոյնիսկ եթէ անոնք շատ պզտիկ են, բայց եթէ Եհովային ուզածին պէս ապրին, կրնա՛ն իր սիրտը ուրախացնել (Առ. 27։11)։ Եհովան իր կազմակերպութեան միջոցաւ շատ մը բաներ տուած է ծնողներուն, որպէսզի օգնէ որ իրենց զաւակներուն սորվեցնեն Եհովան սիրել եւ իրեն հնազանդիլ։
ԴԻՏԷ Ո՛Վ ՊԶՏԻԿՆԵՐ, ՄԻ՛ ՅԱՆՁՆՈՒԻՔ, ՀԱՊԱ՝ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՍԻՐՏԸ ՈՒՐԱԽԱՑՈՒՑԷՔ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Եհովան տարիներուն ընթացքին ի՞նչ ուղղութիւններ տուած է պզտիկներուն։
-
Հիմա ի՞նչ բաներ կ’օգնեն ծնողներուն։
-
Եթէ տարիքով պզտիկ ես, Եհովային տուած ո՞ր հրատարակութենէն կամ վիտէոյէն օգտուած ես, եւ ինչո՞ւ։