Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ներկայացումի նմոյշներ

Ներկայացումի նմոյշներ

ԴԻՏԱՐԱՆ

Հարցում։ Եթէ մէկը քեզի հարցնէ թէ երկինքը ինչի՛ կը նմանի, ի՞նչ կ’ըսես։

Համար։ Յովհ. 8։23

Ներկայացում։ Դիտարան–ի այս թիւը նկատի կ’առնէ թէ Յիսուս եւ իր Հայրը ի՛նչ յայտնած են երկնքին մասին։

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ

Հարցում։ Հետս կը համաձայնի՞ք որ Աստուածաշունչի այս մարգարէութիւնը կը նկարագրէ այն ինչ որ այսօր կը տեսնենք։

Համար։ Բ. Տիմ. 3։1-5

Ճշմարտութիւն։ Որովհետեւ վերջին օրերուն առնչուող Աստուածաշունչին մարգարէութիւնը հիմա կը կատարուի, կրնանք վստահ ըլլալ որ լաւ ապագայի մասին տրուած խոստումն ալ պիտի կատարուի։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԵԼ (տեսաերիզ)

Բացում։ Մարդոց ցոյց կու տանք կարճ վիտէօ մը, որ կը բացատրէ թէ ո՛ւր կրնանք գտնել կեանքի կարեւոր հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխանները։ [Տեսաերիզը դիտել տուր։]

Ներկայացում։ Այս գիրքը ցոյց կու տայ, թէ ըստ Աստուածաշունչին Աստուած ինչպէ՛ս պիտի լուծէ աշխարհի խնդիրները։ [Ներկայացուր Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը։]

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԴ ՊԱՏՐԱՍՏԷ

Վերոնշեալ օրինակներուն ձեւը գործածէ, անձնական ներկայացումդ պատրաստելու համար։