Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

«Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն» գիրքը ինչպէ՛ս գործածել

«Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն» գիրքը ինչպէ՛ս գործածել

Ճիշդ է որ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ գիրքը տակաւին մատչելի չէ արեւմտահայերէն լեզուով, բայց յոյսով ենք որ անիկա մօտ ապագային լոյս տեսնէ։ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ գիրքը եւ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը իրարու նման են։ Ուսուցանելու մեր գործիքներու տուփէն այս երկու գործիքներն ալ նոյն ճշմարտութիւններուն մասին կը խօսին՝ նոյն շարքաւորումով։ Բայց Ի՞նչ կրնանք սորվիլ գիրքը աւելի պարզ բառեր եւ տրամաբանութիւն կը գործածէ։ Անիկա պատրաստուած է անոնց համար, որոնք դժուարութիւն ունին Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը հասկնալու։ Յաւելուածի փոխարէն, այս գիրքը ունի «Բացատրութիւններ» անունով բաժին մը, ուր պարզօրէն կը բացատրուին կարգ մը արտայայտութիւններ եւ գաղափարներ, որոնք գլուխին մէջ կը գտնուին։ Գլուխներուն մէջ բացման հարցումներ կամ վերաքաղի տուփ չկայ։ Փոխարէն, անոնց վերջաւորութեան կը գտնուին աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ, որոնք նիւթին մէջ կ’անցնին։ Ինչպէս որ է պարագան Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքին, նոյնպէս Ի՞նչ կրնանք սորվիլ գիրքը կարելի է որեւէ ատեն ներկայացնել, նոյնիսկ եթէ այդ ամսուան ընթացքին պիտի չբաշխուի։ Ինչպէ՞ս կրնանք այս գրքին աչքառու մասերը գործածել, երբ ուսումնասիրութիւն կը վարենք։

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ։ Ուսումնասիրութիւն վարելու մեր սովորական մեթոտն է Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքէն պարբերութիւնը կարդալ եւ ապա հարցումը ուղղել։ Բայց սեպենք որ աշակերտը լեզուն լաւ չի գիտեր կամ այդ լեզուով լաւ չի կարդար։ Այդ պարագային, կրնաս գործածել Ի՞նչ կրնանք սորվիլ գիրքը։ Կրնաս գլուխին վերջը գտնուող «Ճշմարտութիւններ» բաժինը գործածել որպէս ուսումնասիրութեան նիւթ եւ աշակերտը քաջալերել, որ գլուխը առանձին կարդայ։ Ուսումնասիրութեան մը ընթացքին, իւրաքանչիւր աստուածաշնչական ճշմարտութիւն կրնայ նկատի առնուիլ մօտ 15 վայրկեանուան մէջ։ Քանի՛ որ «Ճշմարտութիւններ» բաժինին մէջ գլուխին նշած մանրամասնութիւնները չկան, ուսուցիչը պէտք է նիւթը լաւ պատրաստէ, աշակերտին կարիքները ի մտի ունենալով։ Եթէ ուսուցիչը ուսումնասիրութիւնը կը վարէ գլուխին պարբերութիւնները գործածելով, կրնայ «Ճշմարտութիւններ» բաժինը գործածել վերաքաղ ընելու համար։

ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ։ «Բացատրութիւններ» բաժինին մէջ արտայայտութիւնները եւ գաղափարները դրուած են այն նոյն շարքաւորումով, որ գլուխի մը մէջ կ’անցնին։ Ուսուցիչը ինք կ’որոշէ թէ արդեօք Ի՞նչ կրնանք սորվիլ գրքին «Բացատրութիւններ» բաժինը ուսումնասիրութեան ընթացքին պիտի քննարկէ կամ ոչ։