ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
«Անոր այրը կը ճանչցուի դռներուն մէջ»
Առաքինի կինը պատճառ կը դառնայ որ իր ամուսինը յարգուի։ Լեմուէլ թագաւորին օրերուն, առաքինի կին ունեցող ամուսին մը ‘կը ճանչցուէր դռներուն մէջ’ (Առ. 31։23)։ Ներկայիս, յարգուած տղամարդիկ կը ծառայեն որպէս երէցներ եւ օգնական ծառաներ։ Եթէ ամուսնացած են, անոնց որակումը որպէս երէցներ եւ օգնական ծառաներ ծառայելու կախեալ է իրենց կիներուն լաւ վարքէն եւ աջակցութենէն (Ա. Տիմ. 3։4, 11)։ Այդպիսի առաքինի կիներ մեծապէս կը գնահատուին ո՛չ միայն իրենց ամուսիններուն կողմէ, այլեւ՝ ժողովքին կողմէ։
Առաքինի կինը կ’օգնէ իր ամուսինին որ ծառայէ՝
-
քաղցր խօսքերով զինք քաջալերելով (Առ. 31։26)
-
յօժարելով որ ան ժողովքին ժամանակ տրամադրէ (Ա. Թես. 2։7, 8)
-
համեստ ապրելակերպ ունենալով (Ա. Տիմ. 6։8)
-
իրեն չհարցնելով ժողովքային գաղտնի հարցերու մասին (Ա. Տիմ. 2։11, 12. Ա. Պետ. 4։15)