Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԱՌԱԿԱՑ 27-31

Աստուածաշունչը կը նկարագրէ առաքինի կինը

Աստուածաշունչը կը նկարագրէ առաքինի կինը

Առակաց 31–ը Լեմուէլ թագաւորին ուղղուած կարեւոր պատգամ մըն է իր մօր կողմէ։ Իր մօր իմաստուն խրատները իրեն սորվեցուցին ի՛նչ փնտռել առաքինի կնոջ մը մէջ։

Առաքինի կինը վստահելի է

31։10-12

  • Ընտանեկան որոշումներու նկատմամբ, ան արժէքաւոր թելադրութիւններ կու տայ, բայց միեւնոյն ատեն իր ամուսինին ենթարկուող կը մնայ

  • Իր ամուսինը վստահ է որ ան իմաստուն որոշումներ պիտի առնէ եւ չի պնդեր որ իր կինը ամէն բանի մէջ իր հաւանութիւնը ստանայ

Առաքինի կինը աշխատասէր է

31։13-27

  • Ան խնայող է, եւ համեստ ապրելակերպ ունի, ինչ որ թոյլ կու տայ որ իր ընտանիքը կարենայ մաքուր ու կոկիկ հագուիլ եւ լաւ սնուցանուիլ

  • Ան ծանր կ’աշխատի եւ գիշեր–ցերեկ իր տան վրայ կը հսկէ

Առաքինի կինը հոգեւոր է

31։30

  • Ան աստուածավախ է եւ անձնական փոխյարաբերութիւն կը մշակէ Աստուծոյ հետ