Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 1-3

«Գիտեմ քու գործերդ»

«Գիտեմ քու գործերդ»

1։20. 2։1, 2

  • «Եօթը աստղերը». Օծեալ երէցներ, իսկ ընդարձակ առումով՝ բոլոր երէցները։

  • «[Յիսուսին] աջ ձեռքին մէջ». Աստղերը ամբողջութեամբ Յիսուսին հակակշռին, հեղինակութեան եւ առաջնորդութեան տակ են։ Երբ երէց մը սրբագրութեան պէտք ունենայ, Յիսուս յարմար ժամանակին եւ պատշաճ կերպով պիտի միջամտէ։

  • «Եօթը ոսկեղէն աշտանակները». Քրիստոնէական ժողովքներ։ Ճիշդ ինչպէս որ խորանին աշտանակը բառացի լոյս կ’արձակէր, քրիստոնէական ժողովքներն ալ հոգեւոր լոյս կ’արձակեն (Մատ. 5։14)։ Յիսուս աշտանակներուն «միջեւ կը պտըտի» այն առումով որ ան կը վերահսկէ բոլոր ժողովքներուն գործունէութեան։