Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Եհովան գիտէ՛ թէ ինչի պէտք ունինք

Եհովան գիտէ՛ թէ ինչի պէտք ունինք

Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան «ատենին» կերակուր կու տայ մեզի։ Ասիկա կը նշանակէ թէ Եհովան, որ այդ ծառային ուղղութիւն կու տայ, գիտէ թէ հոգեւորապէս ինչի պէտք ունինք (Մատ. 24։45)։ Մեր տարեկան համաժողովները եւ միջշաբաթային ժողովները ասիկա կը փաստեն։

ԴԻՏԷ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ 2017–Ի ՏԵՂԵԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Մեր վայելած ժամանակայարմար համաժողովներուն համար, որու՞ն պէտք է երթայ պատիւը։

  • Համաժողովի մը աշխատանքները ե՞րբ կը սկսին։

  • Համաժողովին բնաբանները ինչպէ՞ս կ’ընտրուին։

  • Համաժողով պատրաստելը ի՞նչ աշխատանք կը պարփակէ։

  • Գաղաադի դպրոցին սերտելու մեթոտները ինչպէ՞ս կը գործածուին միջշաբաթային ժողովներուն նիւթերը գրելու ատեն։

  • Տարբեր բաժանմունքներ ինչպէ՞ս կը համագործակցին, որպէսզի ժողովի տետրը պատրաստեն։

Քու կարծիքդ ի՞նչ է այն բաներուն նկատմամբ, որ Եհովան մեզի կը հայթայթէ, որպէսզի մեր հաւատքը զօրաւոր պահէ։