Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

«Եհովան յօժարակամ տուողը կը սիրէ»

«Եհովան յօժարակամ տուողը կը սիրէ»

Բ. Կորնթացիս 9։7–ն կ’ըսէ. «Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ»։ Ներկայիս, կերպեր կան որ առցանց նուիրատուութիւններ ընենք, որպէսզի Եհովայի վկաներուն գործին թիկունք կանգնինք թէ՛ մեր երկրին մէջ եւ թէ համաշխարհային գետնի վրայ։

ԴԻՏԷ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՁԵՒՈՎ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ԸՆԵԼՈՒ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Ինչպէ՞ս կրնանք գտնել նուիրատուութիւններու մասին տեղեկութիւններ տուող էջը, գիտնալու համար թէ ի՛նչ ձեւերով կրնանք նուիրատուութիւն ընել մեր երկրին մէջ։

  • Ոմանք ի՞նչ օգուտներ քաղած են ելեկտրոնային ձեւով նուիրատուութիւն ընելով։

  • Նուիրատուութիւն ընելու ի՞նչ կերպեր կան։

  • Ի՞նչ կրնանք ընել եթէ չենք հասկնար թէ ինչպէ՛ս պէտք է ելեկտրոնային ձեւով նուիրատուութիւն ընենք։