Լաւագոյնդ տուր Եհովային
Աղքատութիւնը Իսրայէլի մէջ ո՛չ մէկուն արգելք կ’ըլլար, որ Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն վայելելու առանձնաշնորհումը ունենար։ Նոյնիսկ ամէնէն աղքատ անհատները կրնային ընդունելի ընծայ մը տալ Եհովային, այնքան ատեն որ իրենց լաւագոյնը կու տային։ Անոնք նոյնիսկ կրնային ալիւր ընծայել, բայց Եհովան կ’ուզէր որ ատիկա «բարակ» կամ բարձրորակ ըլլար, այն տեսակը որ յարգելի հիւրերու համար կը գործածուէր (Ծն. 18։6)։ Մեր օրերուն, Եհովան կ’ընդունի մեր լաւագոյն «շրթունքներուն պտուղը», նոյնիսկ եթէ մեր պարագաներուն պատճառով շատ բան չենք կրնար տալ Եհովային (Եբ. 13։15)։
Ասիկա ինչպէ՞ս կը քաջալերէ քեզ, եթէ առաջուան չափ չես կրնար ծառայել Եհովային, քանի որ առողջութիւնդ ետեւ կ’երթայ կամ առաջուան ուժը չունիս։