Եհովային օրհնութեան փաստը
Եհովան կրակ ղրկեց, որ նոր հաստատուած քահանայութեան մատուցած առաջին ողջակէզի ընծան այրէ։ Ասիկա ցոյց տուաւ որ Եհովան ընդունեց այս կարգադրութիւնը։ Այսպիսով, Եհովան հոն հաւաքուած իսրայէլացիները քաջալերած եղաւ, որ լման թիկունք կանգնին քահանայութեան։ Մեր օրերուն, Եհովան Յիսուս Քրիստոսը նշանակած է որպէս մեծագոյն քահանայապետը (Եբ. 9։11, 12)։ 1919–ին, Յիսուս օծեալներու պզտիկ խումբ մը նշանակեց որպէս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» (Մատ. 24։45)։ Ի՞նչ փաստ կայ որ Եհովան կ’օրհնէ հաւատարիմ ծառան եւ թիկունք կը կանգնի ու կը հաճի ատոր։
-
Հաւատարիմ ծառան շարունակած է հոգեւոր սնունդ հայթայթել, հակառակ ծանր հալածանքին։
-
Բարի լուրը կը քարոզուի «բովանդակ աշխարհի մէջ», ինչպէս որ մարգարէացուած էր (Մատ. 24։14)։
Ինչպէ՞ս կրնանք լման թիկունք կանգնիլ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային։