Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Հեռաձայնով վկայել

Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Հեռաձայնով վկայել

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է. Հեռաձայնով վկայելը կարեւոր կերպ մըն է, որ հիմնովին վկայութիւն տանք բարի լուրին մասին (Գործք 20։24) *։ Ատիկա մեզի կ’օգնէ որ ուրիշին վկայենք, երբ պայմանները չեն ներեր որ անձամբ տեսնուինք։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ ՎԿԱՅԵԼ

  • Պատրաստուէ։ Յարմար նիւթ մը ընտրէ եւ ետքը նոթ առ թէ ի՛նչ կ’ուզես ըսել։ Լաւ կ’ըլլայ որ սեղանի մը շուրջ նստած ըլլաս եւ հետդ ըլլան նոթերդ եւ ուրիշ բաներ, ինչպէս՝ ելեկտրոնային սարք մը, ուր JW Library® կամ jw.org® բացած ես։

  • Փորձէ ջղագրգիռ չըլլալ։ Բնական կերպով խօսէ։ Ժպտա՛ եւ շարժումներով խօսէ ճիշդ ինչպէս որ դէմ դիմաց մէկու մը հետ կը խօսիս։ Պէտք չեղած տեղը մի՛ կենար։ Լաւ կ’ըլլայ որ ուրիշներ հետդ ըլլան։ Եթէ տանտէրը հարցում մը հարցնէ, բարձրաձայն կրկնէ, որպէսզի ընկերակիցդ քեզի օգնէ պատասխանը գտնելու։

  • Վերայցելութեան գետին պատրաստէ։ Եթէ անհատը հետաքրքրութիւն ցուցնէ, կրնաս հարցում մը ձգել յաջորդ անգամուան համար։ Նաեւ կրնաս առաջարկել որ հրատարակութիւն մը անձամբ իրեն տանիս, կամ ալ ղրկես իր տան հասցէին կամ ե–նամակով։ Ասկէ զատ, կրնաս առաջարկել որ մեր վիտէօներէն կամ յօդուածներէն մէկը իրեն ղրկես իր հեռաձայնին կամ ե–նամակին։ Երբ յարմար ըլլայ, անհատին խօսէ մեր կայքին մէջ գտնուող որոշ բանի մը մասին։

^ պարբ. 3 Եթէ ապրած շրջանիդ մէջ ընդունուած է հեռաձայնով վկայել, ատիկա պէտք է անձնական տուեալներու վերաբերող օրէնքներուն համաձայն ըլլայ։