ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ
Եհովային սրտանց հետեւէ
Քաղէբ սրտանց Եհովային հետեւեցաւ (Յես. 14։7, 8)
Յետագային, Քաղէբ Եհովային վստահեցաւ, որ իրեն օգնէր իր դժուար նշանակումը կատարելու (Յես. 14։10-12. դ04 12/1 20 ¶4)
Եհովան Քաղէբը օրհնեց, քանի որ սրտանց կը ծառայէր իրեն (Յես. 14։13, 14. դ06 10/1 16 ¶11)
Քաղէբին հաւատքը կը զօրանար, երբ Եհովային ուղղութիւններուն կը հետեւէր եւ օրհնութիւններ կը վայելէր։ Մենք ալ երբ կը տեսնենք որ Եհովան ինչպէ՛ս կը պատասխանէ մեր աղօթքներուն եւ ուրիշ կերպերով ալ ուղղութիւն կու տայ մեզի, մեր հաւատքը կը զօրանայ եւ կը շարունակենք իրեն ծառայել (Ա. Յովհ. 5։14, 15)։