Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Տուր այն բարի լուրը թէ մօտ ատենէն աւելի լաւ աշխարհ մը պիտի ունենանք

Տուր այն բարի լուրը թէ մօտ ատենէն աւելի լաւ աշխարհ մը պիտի ունենանք

Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին, մասնաւոր ջանք պիտի թափենք որ տանք այն բարի լուրը, թէ մօտ օրէն աւելի լաւ աշխարհ մը պիտի ունենանք (Սաղ. 37։10, 11. Յայտ. 21։3-5)։ Յայտագիրդ այնպէս մը դիր, որ կարենաս լման մասնակցիլ այս արշաւին։ Եթէ այդ ամիս օժանդակ ռահվիրայութեան դիմես, կրնաս ընտրել 30 կամ 50 ժամ ծառայել։

Պատրաստուէ որ կարելի եղածին չափ շատ մարդոց կարդաս նոր աշխարհի մասին համար մը։ Երբ համար մը կ’ընտրես, նկատի առ թէ քու թաղամասիդ մէջ մարդիկը ինչով հետաքրքրուած են։ Եթէ մէկը հետաքրքրութիւն ցուցնէ առաջին հանդիպումին, իրեն տուր հանրամատչելի Դիտարան–ի 2021–ի թիւ 2–ը։ Ետքը, կարելի եղածին չափ շուտ վերայցելէ անհատին եւ փորձէ իրեն հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գրքոյկը օգտագործելով։ Որքա՜ն կ’ուրախանանք երբ ամէն ջանք կ’ընենք, որ «բարութեան աւետիս» տանք մարդոց (Եսա. 52։7

ԴԻՏԷ ԴՐԱԽՏ ԵՐԿՐԻ ՎՐԱՅ ՅԱՏՈՒԿ ԵՐԳԻՆ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Պզտիկ աղջիկը ի՞նչ հիանալի ապագայ մը կ’երեւակայէ։

  • Նոր աշխարհին մէջ ի՞նչ բաներու անհամբեր կը սպասես։

  • Քու յոյսիդ վրայ խոկալը քեզի ինչպէ՞ս կրնայ պատրաստել, որ լման մասնակցիս նոյեմբերի արշաւին (Ղուկ. 6։45