Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ | ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԴ ԱՒԵԼՑՈՒՐ

Մեր փնտռտուքի գործիքները գործածէ

Մեր փնտռտուքի գործիքները գործածէ

Եհովան մեզի գործիքներ կու տայ, որ լաւ կերպով սորվեցնենք ուրիշներուն։ Օրինակ՝ մեզի կու տայ վիտէօներ, թերթիկներ, պարբերաթերթեր, գրքոյկներ, գիրքեր եւ Սուրբ Գիրքը, որ մեր հիմնական գործիքն է (Բ. Տիմ. 3։16)։ Ասկէ զատ, Եհովան մեզի փնտռտուքի գործիքներ կու տայ, որ կարենանք Սուրբ Գիրքը բացատրել ուրիշներուն. օրինակ՝ Դիտարանի գրադարան–ը, JW Library® էփը, Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ–ը եւ Փնտռտուքի ուղեցոյց Եհովայի վկաներուն համար հրատարակութիւնը։

Շատ պիտի ուրախանաս երբ քեզի տրուած բոլոր գործիքները գործածես որ աւելի խոր պրպտումներ ընես Սուրբ Գիրքին մէջ։ Աշակերտներուդ ալ օգնէ, որ գիտնան ինչպէ՛ս գործածել այս գործիքները։ Անոնք ալ շատ պիտի ուրախանան երբ անձամբ գտնեն իրենց հարցումներուն պատասխանները։

ԴԻՏԷ ԱՇԱԿԵՐՏԵԼՈՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄՏԵՍԵՑԷՔ. ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑԷՔ. ՓՆՏՌՏՈՒՔԻ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐԸ ԳՈՐԾԱԾԵՑԷՔ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Ճէյտը ստեղծագործութեան մասին ի՞նչ ըսաւ։

  • Նիդան ո՞ւր տեղեկութիւններ գտաւ այս նիւթին մասին։

  • Մենք շատ կ’ուրախանանք, երբ Սուրբ Գիրքին մէջ հոգեւոր գանձեր կը գտնենք եւ ատոնք ուրիշներուն կը պատմենք

    Նիդան ինչպէ՞ս զատեց այն տեղեկութիւնները, որ Ճէյտին ամէնէն շատ պիտի օգնէին։

  • Մեր փնտռտուքի գործիքները ինչպէ՞ս ազդեցին Նիդային։