Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքը գործածէ ծառայութեան մէջ

Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքը գործածէ ծառայութեան մէջ

Որքա՜ն ուրախ ենք որ նոր գրքոյկ մը եւ գիրք մը ունինք ուրիշներուն հետ սերտելու համար։ Եհովային կ’աղօթենք որ մեր ջանքերը օրհնէ, որ շատ աւելի անհատներ Յիսուսին աշակերտները դառնան (Մատ. 28։18-20. Ա. Կոր. 3։6-9)։ Ինչպէ՞ս կրնանք գործածել գրքոյկն ու գիրքը։

Քանի որ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին միջոցաւ նոր կերպով պիտի սորվեցնենք մարդոց, այս ուղղութիւններուն հետեւէ, մինչ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն համար կը պատրաստուիս եւ զանոնք կը վարես *։

  • Պարբերութիւնները կարդա՛ եւ հարցումները հարցուր

  • Կարդա՛ այն համարները որոնց քով «կարդացէ՛ք» գրուած է, եւ աշակերտին օգնէ որ հասկնայ թէ ատոնք ինչպէ՛ս կրնայ գործադրել

  • Վիտէօները դիտել տուր եւ աշակերտին հետ ատոնց մասին խօսէ, գործածելով գրուած հարցումները

  • Փորձէ ամէն մէկ դաս մէկ նիստի մէջ վերջացնել

Ծառայութեան մէջ նախ գրքոյկը առաջարկէ, որ տեսնես թէ անհատը հետաքրքրուած է կամ ոչ (տե՛ս « Ինչպէ՞ս կրնաս Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գրքոյկը առաջարկել առաջին հանդիպումին» շրջանակը)։ Երբ աշակերտին հետ սերտես ամբողջ գրքոյկը եւ աշակերտը ուզէ շարունակել, գիրքը առաջարկէ եւ սկսէ դաս 04–էն։ Եթէ արդէն մէկու մը հետ կը սերտես Ի՞նչ կրնանք սորվիլ գիրքը կամ Աստուծոյ սէրը գիրքը, անցիր Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին եւ որոշէ ո՛ր դասէն սկսիլ։

ԴԻՏԷ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ’ԸԼԼԱՅ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

^ պարբ. 4 ՆՇՄԱՐ. Թէեւ պայման չէ աշակերտին հետ անձամբ նկատի առնես «Աւելի՛ն գիտցիր» բաժինը, բայց մինչ ուսումնասիրութեան կը պատրաստուիս՝ ժամանակ տրամադրէ որ հոն անցած յօդուածները կարդաս կամ վիտէօները դիտես։ Ասիկա պիտի ձգէ որ գիտնաս, թէ անոնցմէ ո՛ր մէկը կրնայ աշակերտդ հետաքրքրել եւ իրեն օգնել։ Գիրքին ելեկտրոնային ձեւը կրնայ անհատը ուղղակի կապել յօդուածներուն եւ վիտէօներուն։

 ԱՄԷՆ ՄԷԿ ՄԱՍԻՆ ԲՈՒՆ ԿԷՏԸ ԵՒ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԵՆ

 

ԴԱՍԵՐ

ԲՈՒՆ ԿԷՏԸ

ԱՇԱԿԵՐՏԻՆ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԵՐԸ

1

01-12

Կրնաս Աստուածաշունչէն շատ մը օգուտներ քաղել, եւ կրնաս ճանչնալ Աստուած, որ մեզի Աստուածաշունչը տուած է

Աշակերտը քաջալերէ որ Սուրբ Գիրքը կարդայ, ուսումնասիրութեան պատրաստուի եւ սկսի ժողովներուն ներկայ ըլլալ

2

13-33

Տե՛ս թէ Աստուած ի՛նչ ըրած է մեզի համար, եւ թէ ինչպէ՛ս կ’ուզէ որ զինք պաշտենք

Աշակերտին մէջ փափաք արթնցուր որ ճշմարտութեան մասին խօսի ուրիշներուն եւ հրատարակիչ ըլլայ

3

34-47

Տե՛ս թէ Աստուած զինք պաշտողներէն ի՛նչ կ’ակնկալէ

Աշակերտին մէջ փափաք արթնցուր, որ իր կեանքը Եհովային նուիրէ եւ մկրտուի

4

48-60

Տե՛ս թէ ի՛նչ բան կրնայ քեզի օգնել, որ Աստուծոյ բարեկամը մնաս

Աշակերտին սորվեցուր որ ինչպէ՛ս կրնայ գիտնալ, թէ ի՛նչը ճիշդ է ու ի՛նչը սխալ, եւ ինչպէ՛ս կրնայ հոգեւորապէս յառաջդիմել