ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ
Կողակիցդ իմաստութեամբ ընտրէ
Սողոմոն իմաստութեամբ չվարուեցաւ, երբ չաստուածներ պաշտող կիներու հետ ամուսնացաւ (Գ. Թագ. 11։1, 2. դ18.07 18 ¶7)
Սողոմոնին կիները կամաց–կամաց իր սիրտը հեռացուցին Եհովայէն (Գ. Թագ. 11։3-6. դ19.01 15 ¶6)
Եհովան Սողոմոնին դէմ բարկացաւ (Գ. Թագ. 11։9, 10. դ18.07 19 ¶9)
Աստուծոյ Խօսքը ամուրիներուն խրատ կու տայ, որ ‘միայն Տէրոջմով’ ամուսնանան (Ա. Կոր. 7։39)։ Բայց ասիկա ըսել չէ որ եթէ անհատը մկրտուած է՝ ուրեմն քեզի յարմար կողակից մըն է։ Պէտք է մտածես որ դիմացինը քեզի պիտի օգնէ՞ որ լման սրտով Եհովային ծառայես։ Ան ժամանակի ընթացքին փաստա՞ծ է որ Եհովան շատ կը սիրէ։ Առա՛ջ որ ընդունիս մէկու մը հետ ամուսնանալ, ժամանակդ առ որ դիմացինը լաւ ճանչնաս։