ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Եհովան հոգիով խոնարհածները կ’ազատէ
Բոլորս ատեններ նեղուած կ’ըլլանք։ Եթէ մէկը նեղուած է՝ ըսել չէ որ հոգեւորապէս տկար է։ Նոյնիսկ Եհովան ատեններ նեղուեցաւ (Ծն. 6։5, 6)։ Բայց ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ շատ անգամ կամ գրեթէ միշտ նեղուած զգանք։
Եհովայէն օգնութիւն խնդրէ։ Եհովան շատ հետաքրքրուած է գիտնալու որ մենք ի՛նչ կը մտածենք եւ ի՛նչ կը զգանք։ Գիտէ ե՛րբ ուրախ կ’ըլլանք եւ ե՛րբ տխուր կ’ըլլանք։ Կը հասկնայ ինչո՛ւ որոշ բան մը կը մտածենք կամ կը զգանք (Սաղ. 7։9բ)։ Ամէնէն կարեւորը, Եհովան մեզմով հետաքրքրուած է եւ կրնայ մեզի օգնել երբ նեղուած ենք կամ ընկճուած կը զգանք (Սաղ. 34։18)։
Միտքդ պաշտպանէ։ Ժխտական զգացումները ոչ միայն մեր ուրախութեան կ’ազդեն, հապա նաեւ՝ մեր պաշտամունքին։ Ասոր համար, պէտք է պաշտպանենք մեր սիրտը, այսինքն՝ մեր ներքին անձը (Առ. 4։23)։
ԴԻՏԷ ՄԵՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՎԱՅԵԼԵՆ, ՀԱԿԱՌԱԿ՝ ԸՆԿՃՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Նիքին ի՞նչ գործնական քայլեր առաւ, որպէսզի ընկճուածութեան հետ գլուխ ելլէ։
-
Նիքին ինչո՞ւ զգաց որ պէտք է բժշկական օգնութիւն ստանայ (Մատ. 9։12)։
-
Նիքին ինչպէ՞ս Եհովային օգնութեան վստահեցաւ։