ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Եհովային վստահէ երբ մէկը քեզի սպառնայ
Երբ մէկը մեզի սպառնայ, կրնայ մեզի ֆիզիքապէս վնասել կամ մեր տրամադրութեան ազդել։ Ան կրնայ նոյնիսկ հոգեւորապէս վնասել մեզի, երբ մեր պաշտամունքին հակառակի եւ մենք վախնանք իրմէ։ Ինչպէ՞ս կրնաս պաշտպանուիլ այսպիսի անձերէ։
Եհովային ծառաներէն շատեր Եհովային օգնութեամբ կրցած են գլուխ ելլել սպառնացողներու հետ (Սաղ. 18։17)։ Օրինակ, Եսթերը համարձակութեամբ իր կարծիքը արտայայտեց, որպէսզի Համան անունով գէշ անհատի մը ծրագիրները մէջտեղ հանէ (Եսթ. 7։1-6)։ Ան առա՛ջ որ այս քայլը առնէ, ծոմ պահելով ցոյց տուաւ որ Եհովային կը վստահի (Եսթ. 4։14-16)։ Եհովան օրհնեց իր ջանքերը եւ պաշտպանեց զինք եւ Իր ժողովուրդը։
Ո՛վ պատանիներ, եթէ մէկը ձեզի սպառնայ, Եհովայէն օգնութիւն խնդրեցէք եւ ձեր խնդիրին մասին խօսեցէք հասուն անձի մը հետ. օրինակ՝ ձեր ծնողքին հետ։ Կրնաք վստահ ըլլալ որ Եհովան ձեզի պիտի օգնէ, ինչպէս որ Եսթերին օգնեց։ Այսպիսի պարագաներու ուրիշ ի՞նչ կրնաք ընել։
ԴԻՏԷ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԿԵԱՆՔՍ. ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՄ ԻՆԾԻ ՍՊԱՌՆԱՑՈՂԻՆ ՀԵՏ ԳԼՈՒԽ ԵԼԼԵԼ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Պատանիները ի՞նչ կրնան սորվիլ Չարլիէն եւ Ֆէրինէն։
-
Ըստ Չարլիին եւ Ֆէրինին խօսքերուն, ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել։