Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սեպտեմբեր 16-22

ՍԱՂՄՈՍ 85-87

Սեպտեմբեր 16-22

Երգ 56 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ

1. Աղօթքը մեզի կ’օգնէ որ տոկանք

(10 վրկ.)

Եհովայէն խնդրէ որ քեզի ուրախութիւն տայ (Սաղ. 86։4)

Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ որ հաւատարիմ մնաս (Սաղ. 86։11, 12. դ12 5/1 30 ¶10)

Վստահ եղիր որ Եհովան աղօթքներուդ պիտի պատասխանէ (Սաղ. 86։6, 7. դ23.05 13 ¶17-18)


ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑՈՒՐ. ‘Երբ խնդիրներու մէջ ըլլամ, աւելի կ’աղօթե՞մ եւ աղօթքներս աւելի երկար կ’ըլլա՞ն’ (Սաղ. 86։3

2. Հոգեւոր գոհարներ

(10 վրկ.)

  • Սաղ. 86։11. Դաւիթին աղօթքը մեզի ի՞նչ կ’ըսէ անձի մը սիրտին մասին (խա-1-ԱՐ «Սիրտ»

  • Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։

3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

4. Խօսակցութիւն սկսիլ

(3 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Դաս առաջարկէ (մսա դաս 3 կէտ 5

5. Վերայցելել

(4 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Դաս առաջարկէ անձի մը, որ ասկէ առաջ ըսած էր, թէ մտահոգ է որոշ դէպքի մը նկատմամբ, որ վերջերս տեղի ունեցաւ (մսա դաս 7 կէտ 4

6. Աշակերտել

(5 վրկ.) կվյ դաս 15 կէտ 5։ Աշակերտիդ հետ կարգադրութիւններ տես որ իր սերտողութիւնը շարունակէ գալ շաբաթ, երբ դուն շրջանէն դուրս ըլլաս (մսա դաս 10 կէտ 4

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Երգ 103

7. Մի՛ յանձնուիր

(5 վրկ.) Քննարկութիւն։

Դիտել տուր ՎԻՏԷՈՆ։ Ետքը հարցուր.

  • Ինչո՞ւ թերեւս ատեններ զգանք որ ծառայութեան մէջ յանձնուելու վրայ ենք։

  • Ինչո՞ւ պէտք չէ յանձնուինք։

8. Շարունակէ՛ դաս առաջարկել

(10 վրկ.) Քննարկութիւն։

Այս ամսուան յատուկ քարոզարշաւին ընթացքին, սկսա՞ր մէկու մը հետ Աստուածաշունչը սերտել, գործածելով՝ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գրքոյկը։ Եթէ այո՛, անշուշտ ուրախ ես։ Հաւանաբար ուրիշներ ալ ուրախ են ձեռք ձգած լաւ արդիւնքիդ համար։ Բայց եթէ տակաւին չես սկսած մէկու մը հետ սերտել, թերեւս հարց կու տաս որ արդեօք կ’արժէ՞ ծառայութեան մէջ այսքան ջանք թափել։ Ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ նեղուած ես որ չկրցար մէկու մը հետ սերտողութիւն սկսիլ։

Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. «Մեր անձը կ’ընծայենք՝ Աստուծոյ սպասաւորներու պէս՝ շատ համբերութիւնով»... Քարոզելու ատեն։ Ետքը հարցուր.

  • Բ. Կորնթացիս 6։4, 6–ը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, եթէ երբեք զգանք որ մեր ծառայութիւնը անիմաստ է։

  • Ի՞նչ փոփոխութիւններ կրնաս ընել, եթէ կը զգաս որ ծառայութեան մէջ թափած ջանքերդ իմաստ մը չունին, քանի որ չսկսար մէկու մը հետ սերտելու։

Յիշէ որ մեր ուրախութիւնը կախեալ չէ մեր դասերուն թիւէն։ Հապա, կ’ուրախանանք, քանի որ գիտենք որ Եհովան մեր ջանքերը կ’արժեւորէ (Ղուկ. 10։17-20)։ Ուրեմն, շարունակէ այս յատուկ քարոզարշաւին մասնակցիլ, գիտնալով որ «յոգնութիւն[դ] առանց վարձատրութեան չի մնար Աստուծոյ առջեւ» (Ա. Կոր. 15։58, ՆԹ

9. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

Փակման խօսքեր (3 վրկ.) | Երգ 123 եւ աղօթք