Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ներկայացումի նմոյշներ

Ներկայացումի նմոյշներ

ԴԻՏԱՐԱՆ

Հարցում։ Բոլորս երբեմն մխիթարուելու պէտք ունինք։ Բայց ինչպէ՞ս կրնանք մխիթարուիլ։

Համար։ Բ. Կոր. 1։3, 4

Ներկայացում։ Դիտարան–ի այս թիւը նկատի կ’առնէ թէ Աստուած ինչպէ՛ս կը մխիթարէ։

ԴԻՏԱՐԱՆ (վերջին էջ)

Հարցում։ Ոմանք կը կարծեն որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սրտի վիճակ է. ուրիշներ կը կարծեն որ անիկա համաշխարհային խաղաղութիւն բերելու մարդոց ջանքերուն արդիւնքն է։ Դո՛ւք ինչ կ’ըսէք։

Համար։ Դան. 2։44

Ներկայացում։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իսկական կառավարութիւն մըն է։ Այս յօդուածը ցոյց կու տայ, որ Աստուածաշունչը ուրիշ ինչ կ’ըսէ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ

Հարցում։ Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ որ Աստուած մեզմով հետաքրքրուած է։

Համար։ Ա. Պետ. 5։7

Ճշմարտութիւն։ Աստուած մեզի կ’ըսէ որ իրեն աղօթենք, քանի որ մեզմով հետաքրքրուած է։

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԴ ՊԱՏՐԱՍՏԷ

Վերոնշեալ օրինակներուն ձեւը գործածէ, անձնական ներկայացումդ պատրաստելու համար։