Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ուսումնասիրութիւն վարած ատեն այս ծուղակներուն մէջ մի՛ իյնար

Ուսումնասիրութիւն վարած ատեն այս ծուղակներուն մէջ մի՛ իյնար

Շատ խօսիլ։ Մի՛ կարծեր որ ամէն բան դուն պէտք է բացատրես։ Յիսուս հարցումներ ուղղեց մարդոց օգնելու համար, որ մտածեն եւ ճիշդ եզրակացութեան հասնին (Մատ. 17։24-27)։ Հարցումները սերտողութիւնը ազդու կը դարձնեն եւ քեզի կ’օգնեն գիտնալու, որ աշակերտդ ի՛նչ կը հասկնայ եւ ինչի՛ կը հաւատայ (Ծառայութեան դպրոց էջ 253 պարբ. 3-4)։ Երբ հարցում մը կը հարցնես, համբերատար եղիր եւ սպասէ որ աշակերտդ պատասխանէ։ Եթէ ան սխալ պատասխան տայ, փոխանակ իրեն ճիշդ պատասխանը տալու, յաւելեալ հարցումներ ուղղէ որ ինք ճիշդ պատասխանը գտնէ (Ծառայութեան դպրոց էջ 238 պարբ. 1-2)։ Խօսէ այնպիսի արագութեամբ որ աշակերտը կարենայ նոր գաղափարները ըմբռնել (Ծառայութեան դպրոց էջ 230 պարբ. 4)

Դասը դժուարացնել։ Նիւթը անհարկի մանրամասնութիւններով մի՛ բարդացներ (Յովհ. 16։12)։ Կեդրոնացիր պարբերութեան հիմնական կէտին վրայ (Ծառայութեան դպրոց էջ 226 պարբ. 4-5)։ Մանրամասնութիւնները, նոյնիսկ եթէ հետաքրքրական ըլլան, կրնան անհատին միտքը հիմնական կէտէն շեղեցնել (Ծառայութեան դպրոց էջ 235 պարբ. 3)։ Անգամ մը որ աշակերտը հիմնական կէտը հասկնայ՝ յաջորդ պարբերութեան անցիր։

Պարզապէս նիւթը ծածկել։ Մեր նպատակն է աշակերտին սրտին հասնիլ եւ ո՛չ թէ պարզապէս նիւթը ծածկել (Ղուկ. 24։32)։ Աստուծոյ Խօսքը գործածէ, կեդրոնանալով դասին կարեւոր համարներուն վրայ (Բ. Կոր. 10։4. Եբ. 4։12. Ծառայութեան դպրոց էջ 144 պարբ. 1-3)։ Պարզ օրինակներ գործածէ (Ծառայութեան դպրոց էջ 245 պարբ. 2-4)։ Նկատի առ անհատին անձնական դժուարութիւններն ու հաւատալիքները եւ ըստ այնմ դասը իրեն յարմարցուր։ Այսպիսի հարցումներ հարցուր. «Ի՞նչ է կարծիքդ սորվածիդ մասին»։ «Ասիկա Եհովային մասին մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ»։ «Ինչպէ՞ս կ’օգտուիս այսպիսի խրատ մը կիրարկելով» (Ծառայութեան դպրոց էջ 238 պարբ. 3-5 եւ էջ 259 պարբ 1)։