Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Հետաքրքրուած անհատները քաջալերել որ ժողովներու գան

Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Հետաքրքրուած անհատները քաջալերել որ ժողովներու գան

ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է։ Ժողովները կանոնաւոր առիթներ են ‘Եհովային երգելու’ եւ զինք ‘օրհնելու’ կամ փառաբանելու (Սաղ. 149։1)։ Ժողովներուն մէջ մենք կը սորվինք Աստուծոյ կամքը ընել (Սաղ. 143։10)։ Հետաքրքրուած անհատները եւ Աստուածաշունչի աշակերտները ընդհանրապէս աւելի կը յառաջդիմեն, երբ կը սկսին ժողովներու ներկայ գտնուիլ։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՔԱՋԱԼԵՐԵԼ։

  • Կարելի եղածին չափ անհատին ժողովի շուտ հրաւիրէ։ Պէտք չունիս սպասելու որ ուսումնասիրութիւն մը սկսի (Յայտ. 22։17

  • Հետաքրքրուած անհատին տեղեկացուր ժողովի յայտագրին մասին եւ թէ ի՛նչ պիտի քննարկուի յաջորդ ժողովին։ Այս առնչութեամբ, հետեւեալները կրնան օգտակար դառնալ. Ժողովքային հանդիպումներու հրաւիրագիրը, Թագաւորութեան սրահին մէջ ի՞նչ կ’ըլլայ տեսաերիզը եւ Եհովայի կամքը գրքոյկին 5–րդ եւ 7–րդ դասերը։

  • Օգնութիւն առաջարկէ։ Արդեօք հետաքրքրուած անհատը պէտք ունի՞ որ մէկը իրեն ժողովի տանի կամ իրեն օգնէ պատշաճ հագուստ մը ընտրելու։ Ժողովին ընթացքին իրեն քով նստէ եւ քու հրատարակութենէդ միասին յայտագրին հետեւեցէք։ Իրեն ծանօթացուր ուրիշներու։