Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Եթէ պզտիկ մը դուռը բանայ

Եթէ պզտիկ մը դուռը բանայ

Եթէ պզտիկ մը դուռը բանայ, պէտք է իրմէ խնդրենք որ իր ծնողներուն կանչէ։ Այսպէս, անոնց գլխաւորութեան հանդէպ յարգանք ցոյց տուած կ’ըլլանք (Առ. 6։20)։ Եթէ պզտիկը մեզ ներս հրաւիրէ, պէտք չէ մտնենք։ Եթէ անոր ծնողները տունը չեն, պէտք է ուրիշ անգամ վերադառնանք։

Իսկ եթէ ան տարիքով աւելի մեծ է, թերեւս 14-19 տարեկան, տակաւին լաւ կ’ըլլայ որ անոր ծնողներուն հետ խօսինք։ Բայց եթէ անոնք տունը չեն, թերեւս իրեն հարցնենք թէ արդեօք ծնողքը կը ձգէ՛ որ ինք ընտրէ իր կարդալիքը։ Եթէ այո՛, կրնանք իրեն ներկայացնել հրատարակութիւն մը եւ ուղղել jw.org կայքին։

Եթէ կ’այցելենք պատանիի մը, որ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած էր, պէտք է որ անոր ծնողներուն հետ խօսինք։ Ասիկա մեզի թոյլ պիտի տայ որ բացատրենք թէ ինչո՛ւ կը վերայցելենք եւ ցոյց տանք ընտանիքներու ուղղուած Աստուածաշունչի վստահելի խրատները (Սաղ. 119։86, 138)։ Երբ ծնողներուն հանդէպ յարգանք եւ նկատառութիւն ցոյց տանք, լաւ վկայութիւն տուած կ’ըլլանք եւ ասիկա կրնայ առիթ բանալ որ ամբողջ ընտանիքին խօսինք բարի լուրին մասին (Ա. Պետ. 2։12