Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՍԱՂՄՈՍ 119

‘Տէրոջը օրէնքին մէջ քալէ’

‘Տէրոջը օրէնքին մէջ քալէ’

Եհովային օրէնքին մէջ քալել կը նշանակէ յօժարաբար ենթարկուիլ Աստուծոյ առաջնորդութեան։ Աստուածաշունչին մէջ նշուած են կարգ մը մարդիկ, որոնք սաղմոսերգուին նման Եհովային օրէնքին հետեւեցան եւ իրեն վստահեցան։

Իսկական ուրախութիւնը կախեալ է Աստուծոյ օրէնքին մէջ քալելէն

119։1-8

Յեսուն լիովին վստահեցաւ Եհովային առաջնորդութեան։ Ան գիտէր որ ուրախ ըլլալու եւ յաջողութիւն գտնելու համար, պէտք էր որ ամբողջ սրտով Եհովային վստահէր

Աստուծոյ Խօսքը պէտք եղած քաջութիւնը կու տայ դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլելու

119։33-40

Երեմիան դժուար պարագաներու տակ քաջ մնաց եւ Եհովային վստահեցաւ։ Ան իր կեանքը պարզ պահեց եւ իր նշանակումին մէջ յարատեւեց

Աստուծոյ Խօսքը ճշգրտօրէն գիտնալը մեզի վստահութիւն կու տայ որ քարոզենք

119։41-48

Պօղոս չէր վախնար Աստուծոյ պատգամը ամէն մարդու հետ բաժնելէ։ Երբ ան համարձակօրէն Փելիքս կուսակալին քարոզեց, լիովին վստահ էր որ Եհովան իրեն պիտի օգնէր

Ե՞րբ կամ ո՞ւր կրնամ ուրիշներուն աւելի ինքնավստահօրէն քարոզել

  • Դպրոց

  • Գործ

  • Ընտանիք

  • Ուրիշ