ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Խօսակցութիւն սկսիլ, վկայութեան դուռ բանալու համար
Յիսուս կրցաւ սամարացի կնոջ մը անպաշտօն կերպով վկայել, քանի որ սկսաւ անոր հետ խօսակցիլ։ Ինչպէ՞ս կրնանք օտարներու հետ խօսակցութիւն սկսելու մեր հմտութիւնը բարելաւել։
-
Բարեկամական եղիր եւ մարդոց հետ խօսէ։ Հակառակ անոր որ Յիսուս յոգնած էր, ան սկսաւ կնոջ հետ խօսիլ՝ պարզապէս իրմէ ջուր խնդրելով։ Դուն ալ կրնաս ջերմօրէն բարեւել եւ յետոյ թերեւս խօսիլ օդին կամ վերջերս պատահած դէպքի մը մասին։ Յիշէ որ սկիզբը նպատակդ է միայն խօսակցութիւն մը սկսիլ, անոր համար անհատը հետաքրքրող նիւթի մը մասին խօսէ։ Եթէ ան անտարբեր գտնուի, բան մը չես կորսնցներ։ Փորձէ ուրիշին հետ խօսակցիլ։ Եւ Եհովայէն խնդրէ որ քեզի քաջութիւն տայ (Նէ. 2։4. Գործք 4։29)։
-
Ամէն առիթ օգտագործէ որ բարի լուրը քարոզես, բայց մի՛ աճապարեր։ Ձգէ որ խօսակցութիւնը բնականաբար ընթանայ։ Եթէ որոշ նիւթ մը պարտադրես, անհատը թերեւս հանգիստ չզգայ եւ քեզի հետ խօսելէ դադրի։ Յուսախաբ մի՛ ըլլար եթէ խօսակցութիւնը վերջ գտնէ առաջ որ անհատին վկայես։ Եթէ բարի լուրին մասին ուղղակի խօսիլը քեզ ջղագրգիռ կը դարձնէ, պարզ խօսակցութիւն սկսելու փորձեր ըրէ, առանց ի մտի ունենալու որ պիտի վկայես։ [Դիտել տուր եւ քննարկէ առաջին վիտէոն։]
-
Փորձէ վկայելու առիթ ստեղծել՝ հաւատքիդ մասին սրտի խօսք մը ըսելով. ինչ որ թերեւս քեզի մտիկ ընող անհատը մղէ որ բացատրութիւն խնդրէ։ Յիսուս սամարացի կնոջ հետաքրքրական խօսքեր ըսաւ, ինչ որ կինը մղեց որ հարցումներ հարցնէ։ Եւ ետքը երբ բարի լուրին մասին խօսեցաւ, ան պարզապէս կնոջ հարցումներուն կը պատասխանէր։ [Դիտել տուր եւ քննարկէ երկրորդ վիտէոն եւ ետքը՝ երրորդ վիտէոն։]