Հաւատարիմ երկրպագուները աստուածպետական կարգադրութիւններուն կ’աջակցին
Աստուծոյ ժողովուրդը կամովին եւ զանազան կերպերով թիկունք կանգնեցաւ ճշմարիտ պաշտամունքին
-
Իսրայէլը ճիշդ կերպով Տաղաւարահարաց տօնին պատրաստուեցաւ եւ զայն տօնեց։
-
Ժողովուրդը ամէն օր հաւաքուեցաւ մտիկ ընելու Աստուծոյ Օրէնքին ընթերցանութիւնը, որ զիրենք կ’ուրախացնէր։
-
Ժողովուրդը իր գործած մեղքերը խոստովանեցաւ, եւ աղօթքով Եհովայի օրհնութիւնը խնդրեց։
-
Ժողովուրդը համաձայն գտնուեցաւ որ շարունակէ աջակցիլ բոլոր աստուածպետական կարգադրութիւններուն։
Աստուածպետական կարգադրութիւններուն շարունակ թիկունք կանգնիլը կը պարփակէր.
-
Միայն Եհովան պաշտողի հետ ամուսնանալ
-
Դրամական նուիրատուութիւններ ընել
-
Շաբաթը պահել
-
Զոհասեղանին համար փայտ հայթայթել
-
Հունձքին երախայրին եւ անասուններուն անդրանիկները Եհովային տալ