Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Թաղամասիդ մէջ բոլորը հրաւիրէ Յիշատակատօնին

Թաղամասիդ մէջ բոլորը հրաւիրէ Յիշատակատօնին

Փետրուար 27–ին սկսող արշաւին ընթացքին, մեր շրջանին մէջ կարելի եղածին չափ շատ անհատներ պիտի հրաւիրենք որ մեզի հետ ներկայ գտնուին Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին։ Նաեւ պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք հետաքրքրուած անհատներուն, որպէսզի անոնց հետաքրքրութիւնը մշակենք։

ՀԵՏԵՒԵԱԼ ՔԱՅԼԵՐԸ ԱՌ

ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԴ ՏՈՒՐ

«Շատ կարեւոր առիթի մը հրաւիրագիրը կը բաժնենք։ Մարտ 23–ին, աշխարհի տարածքին միլիոնաւորներ պիտի հաւաքուին Յիսուս Քրիստոսի մահը յիշատակելու եւ մտիկ ընելու Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած ձրի դասախօսութիւն մը, որ ցոյց կու տայ թէ անոր մահը մեզի ինչպէ՛ս կ’օգտէ։ Այս հրաւիրագրին մէջ նշուած է ժամն ու վայրը։ Եթէ կրնաք, հաճիք եկէք»։

Եթէ անհատը հետաքրքրութիւն ցոյց տայ. . .

  • ԴԻՏԱՐԱՆ–Ը ԱՌԱՋԱՐԿԷ

    Վերայցելութեան ճամբայ հարթէ։

  • ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆԻՆ ՏԵՍԱԵՐԻԶԸ ՑՈՅՑ ՏՈՒՐ

    Վերայցելութեան ճամբայ հարթէ։

Երբ վերայցելես, կրնաս առաջարկել. . .

  • ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԵԼ

    Ապա Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու հրատարակութիւն մը առաջարկէ։

  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՐԱՊԷՍ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ

    Յիշատակատօնին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցէ էջ 206-208–էն։ Ապա գիրքը առաջարկէ։

  • ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՏԻԿ ԸՐԷ

    Քրիստոսի մահուան նշանակութիւնը քննարկէ էջ 18-19–էն։ Ապա գրքոյկը առաջարկէ։