Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ներկայացումի նմոյշներ

Ներկայացումի նմոյշներ

ԳՈՀԱՑՈՒՑԻՉ ԿԵԱՆՔ՝ Ի՛ՆՉՊԷՍ ՁԵՌՔ ՁԳԵԼ

Հարցում։ Այսօր մարդիկ, մէջը ըլլալով պատանիները, այնքա՛ն ճնշուած են իրենց կեանքին մէջ որ շատ անգամ ընկճուած կը զգան։ Ձեր կարծիքով այս խնդրին լուծում մը կա՞յ։

Ներկայացում։ Այս գրքոյկը գոհացուցիչ կեանք վարելու մասին թելադրութիւններ կու տայ։

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ

Հարցում։ Ինչպէ՞ս կարելի է ուրախ ամուսնութիւն մը ունենալ։

Համար։ Եփ. 5։33

Ճշմարտութիւն։ Ամուսնութիւնը յաջող կ’ըլլայ երբ զոյգերը իրարու հանդէպ սէր եւ յարգանք ունենան։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐԱՊԷՍ ՀՈԳ ԿԸ ՏԱՆԻ՞ ՄԵԶԻ

Հարցում։ Կարգ մը մարդիկ ստեղծագործութեան կը հաւատան, իսկ ուրիշներ՝ բարեշրջութեան։ Դո՛ւք ինչ կ’ըսէք եւ ինչո՞ւ։

Համար։ Եբ. 11։1

Ներկայացում։ Ինչպէս որ այս համարը ցոյց կու տայ, իմաստութիւն է որ մեր հաւատալիքները հիմնենք համոզիչ «ապացոյց»ներու վրայ։ Այս գրքոյկը նկատի կ’առնէ կեանքի ծագումին մասին վստահելի ապացոյցներ։

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԴ ՊԱՏՐԱՍՏԷ

Վերոնշեալ օրինակներուն ձեւը գործածէ, անձնական ներկայացումդ պատրաստելու համար։